Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 16 ՅՈՒՆԻՍ 1961 )

June 15, 2011
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՅԻՍ 28
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԷՋ

Երուսաղէմէն կը գրեն մեզի.-

Հայաստանի անկախութեան 43-րդ տարեդարձը, ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս մեծ շուքով տօնուեցաւ` կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի վարչութեան: Խուռներամ բազմութիւն մը ներկայ գտնուեցաւ:

27 մայիսին, շաբաթ երեկոյ, ՀՄԸՄ-ի սկաուտներն ու գայլիկները, սկաուտապետ Յ. Պեհեսնիլեանի առաջնորդութեամբ մեկնեցան Պարոն Տէր` գիշեր մը հոն բանակելու եւ յաջորդ օր ժողովուրդը ընդունելու համար: Երեկոյեան բանակավայրը դարձաւ փոքրիկ Հայաստան մը:

Կիրակի առաւօտ ժամը 5:00-ին ժողովուրդը 5 խոշոր պասերով կը մեկնէր` մասնակցելու համար հանդիսութեան: Շատեր ալ անձնական ինքնաշարժներով ճամբայ կ՛ելլէին: Ամբողջ օր խանդավառութիւնը մնաց գագաթնակէտին: Հանդէսը սկսաւ կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին: Մ. Լեպլեպիճեանի եւ Ս. Սեֆերեանի արտասանութենէն եւ մեներգէն վերջ բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօս Վարդան Տէրտէրեան, որ ստեղծեց մագնիսացած մթնոլորտ մը:

Պօղոս Պետրոսեանի փակման խօսքով վերջ գտաւ հանդէսը:

ՊՈԼՍՈՅ ԴՊՐԵՎԱՆՔԸ

Պոլսոյ Ս. Խաչ դպրեվանքը լրացուցած է իր ութերորդ տարեշրջանը:

Գարեգին պատրիարք Խաչատուրեան այդ առիթով կոչ մը ուղղած է ժողովուրդին` հրաւիրելով ի նպաստ դպրեվանքի նիւթական զոհողութիւններ ընելու:

Այդ կոչէն կը տեղեկանանք, թէ դպրեվանքի աշակերտութեան թիւը հասած է 155-ի: Ունի միջնակարգի 3, լիսէի 3 եւ ընծայարանի 2 կարգեր: 23 այցելու եւ մէկ մնայուն (անգլիացի երէց) գործակցած են տեսուչին` հոգ տանելով տղոց մտաւոր զարգացման, պետութենէն վաւերացուած ծրագրի մը համաձայն:

Պատրիարքը շեշտելէ ետք կարեւորութիւնը դպրեվանքին, իր կոչին մէջ կ՛ըսէ. «Իբրեւ հայրը այս տան, եւ եթէ ընդունիք, նաեւ ձեր տուներուն, կը դիմեմ ահա բոլորիդ` խնդրելով, որ կատարէք ձեր այս քաղցր պարտականութիւնը սրտի չափով, սիրայօժար եւ զուարթօրէն»:

ՇԱՐԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐ ԵՒ
ԻՐ 13-ԱՄԵԱՅ ԱՂՋԻԿԸ

14 տարեկան է, թուխ եւ գիրուկ գեղեցիկ եւ երկչոտ ժպիտ մը ունի: Անունն է Փաթրիսիա, ֆրանսահայ համբաւաւոր երգիչ Շարլ Ազնաւուրի մէկ հատիկ աղջիկն է ան:

Վերջերս ան ըսաւ իր հօրը.

– Հայրի՛կ, գիտե՞ս, ես ալ պիտի երգեմ քեզի նման:

Շարլ ժպտեցաւ եւ ակնարկ մը ուղղեց իր աղջկան: Առաջին անգամ ըլլալով հաստատեց, թէ աղջնակ մը չէր ան այլեւս: Մանկամարդուհիի մը նման հագուած էր, բարձր կրունկներով կօշիկներ եւ նայլոնէ գուլպաներ:

Մտածկոտ էր Շարլ: 23 տարեկանին ունեցած էր այդ աղջիկը, որ իր մեծ սիրոյն պտուղն էր:

Աւելի վերջ իր սիրած կինը լքեց զինքը: Շարլի ասպարէզի սկզբնաւորութեան պատահեցաւ այդ տխուր դէպքը: Էտիթ Փիաֆի կ՛ընկերանար ան այդ շրջանին եւ ստիպուած էր հետապնդելու իր շահը…:

Նախորդը

«ԵՐՋՕ ՍԱՄՈՒԷԼԵԱՆ-ԵՌԱԳՈՅՆ ՖՈՆՏ»Ը 100.000 ՏՈԼԱՐ ԿԸ ՆՈՒԻՐԷ «ԱԶԴԱԿ»Ի ՖՈՆՏԻՆ

Յաջորդը

ՓՈՐՁ-ՀԱՐՑԱՐԱՆ. ԿՆՈ՞Ջ, ԹԷ՞ ՏՂԱՄԱՐԴՈՒ ԲՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻՔ

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.