Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (29 Հոկտեմբեր 1963)

October 29, 2013
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տոմսեր

Պարտք  Վճարելու
Նոր Եղանակ Մը

Խորհրդային Միութիւնը Բ. Աշխարհամարտին ընթացքին 11 միլիառ տոլարի օժանդակութիւններ ստացած է Միացեալ Նահանգներէն` «վերջը վճարելու» խոստումով:

Այս «վերջ»-ին վերջը չի գար, ու թէեւ Ամերիկա համաձայնած է մինչեւ 2.6  միլիառ տոլարով փակելու հաշիւը, Մոսկուա շարունակ կը խուսափի եւ կը ջանայ «անցուկը մոռցուկ» նկատել:

Ու տակաւին Ա. Աշխարհամարտէն եւս Ռուսիա 600 միլիոն տոլար պարտք ունի Ամերիկայի:

Մոսկուայի կարմիրները պարտք վճարելն ալ դրամատիրական գէշ սովորութիւն մը կը նկատեն, մանաւանդ որ դրամատէրներու ունեցածներն ալ իրենց կը նկատեն:

Վերջերս, Խորհրդային Միութեան պատուիրակներ ցորեն գնելու նպատակով Ամերիկայի դիմած են` յայտարարելով.

– Շատ կը փափաքինք ձեր ցորենը գնել: Կը խոստովանինք, թէ անօթի ենք: Մեր երկիրը դրախտ չէ, «Պայքար»-ի, «Արեւ»-ի կամ «Լրաբեր»-ի գրածներուն մի՛ հաւատաք: Սոված ենք, էլի: Ապառիկ ցորեն կու տա՞ք…

Ամերիկա պատասխանած է.

– Ձեր հին պարտքերը վճարել յանձն կ՛առնէ՞ք:

– Ո՞ր պարտքերը…

– Չգիտնալ կը ձեւանաք, հա՞: Յիշեցնենք: Առաջին մեծ պատերազմէն` 600 միլիոն տոլար

– Օ՜, այդ ցարին օրով էր. մենք պատասխանատու չենք, որովհետեւ պատմութիւնը մեր յեղափոխութենէն կը սկսի…

– Հապա Բ. Աշխարհամարտի 11 միլիա՞ռը…

– Ներեցէք, որ ըսենք, թէ բնա՜ւ լուր չունէինք: Ստալինի տուած էիք չէ՞: Մենք այդ անպիտանը գերեզմանէն իսկ դուրս շպրտեցինք, որովհետեւ առանց մեր գիտակցութեան այդպէս գործեր տեսած էր…

– Իսկ այս նոր պարտքին ո՞վ պատասխանատու պիտի ըլլայ…

– Անշուշտ մենք, ընկերներս…

– Չեմ հաւատար…

– Մի լքէք մեզ: Ձեզի գաղտնիք մըն ալ ըսենք: Կը յուսանք շուտով մեծ ժառանգութեան մը տիրանալ, եւ բոլոր պարտքերը վճարել…

– Ի՞նչ ժառանգութիւն…

– Ազատ աշխարհը պիտի թաղենք, չէ՞…

– Օ՜, այդ ճիշդ է, մոռցած էի: Շա՜տ     ճիշդ: Կորսուեցէ՛ք, անպիտան անաստուածներ…

Յետոյ, կարմիրները խոստացած են կանխիկ վճարել, ցորենին երեսը տեսնելէ առաջ:

ԳԻՍԱՒՈՐ

 

Հայկական Կեանք

10 Հազար Տոլար Տիթրոյթի
Եկեղեցւոյ Համար

 Հացկերոյթին Ներկայ Կ՛ըլլայ
Լիբանանի Հիւպատոսը

 

Տիթրոյթէն (Հիւսիսային Ամերիկա) կը գրեն «Հայրենիք»-ին.

Կիրակի, հոկտեմբեր 20, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Կիլիկիոյ թեմի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հայ համայնքը խանդավառութեամբ նշեց իր նորակառոյց եկեղեցւոյ առաջին տարեդարձը, Հենրի Ֆորտ պատմական թանգարանի Լովէթ սրահին մէջ, աւելի քան 600 հոգիներու մասնակցութեամբ:

Հացկերոյթին նախագահեց Միացեալ Նահանգներու Կիլիկիոյ թեմի առաջնորդ Հրանդ եպիսկոպոս Խաչատուրեան, որ նոյնպէս պատարագեց եւ իր սրբազան պատգամը տուաւ այդ առաւօտ, եկեղեցին լեցուած յոգնախուռն հաւատացեալ ժողովուրդին:

Հացկերոյթին ներկայ էին Տիրպորնի քաղաքապետը, Ուայ. Էմ. Սի. Էյ. հաստատութեան ներկայացուցիչները, եւ Լիբանանի հանրապետութեան Տիթրոյթի հիւպատոսը Ճորճ Պշարա, որոնք առանձին ելոյթներով ողջունեցին հայ ժողովուրդի ստեղծագործութիւնն ու շինարարական ոգին, հակառակ դարերու պարտադրած չարաբաստիկ ճակատագրին:

Ոգեշունչ պատգամներ տուին առաջնորդ սրբազանը եւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հովիւ Սուրէն քահանայ Բաբախեան:

Գործադրուեցաւ վայելուչ յայտագիր մը: Փոխաբերաբար ատենապետեցին Գուրգէն Տիրացեանն ու Բաբգէն Սարգիսեան: Դաշնակի գեղեցիկ սոլօ մը տուաւ Մարկրիթ Լեֆեանը` Արամ Խաչատուրեանէն: Անժէլ Պենեան, Ստեփան Քարուկեան` դաշնակի ընկերակցութեամբ` Հէլէն Մամբրէեանի, երգեցին ազգային տոհմիկ երգեր:

Աննախընթաց խանդավառութիւն ստեղծուեցաւ ներկաներուն մէջ, որոնք կարճ ատենի մէջ նուիրաբերեցին 10.000 տոլարի պատկառելի գումար մը:

Նուիրահաւաքումը ձեռնհասօրէն վարեց Յակոբ Մուրատեան:

Առաջնորդ հօր պահպանիչով եւ «Կիլիկիա» երգով փակուեցաւ այս տպաւորիչ հանդէսը:

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Հարցազրոյց Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանի Հետ. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը` Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի 10-րդ Համաժողովին Ընդառաջ. «Միջեկեղեցական Շարժումին Մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Գործօն Մասնակցութիւնը Հայ Ժողովուրդին Եւ Հայ Դատին Մատուցուած Մեծ Ծառայութիւն Է»: Ըսաւ Նարեկ Սրբազան

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.