Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԹՈՒՐՔ ՈՍՏԻԿԱՆ ՄԸ ԿԸ ՍՊԱՌՆԱՅ ՊԱՍՔԸՆ ՕՐԱՆԸ ՍՊԱՆՆԵԼ

June 15, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Պասքըն Օրան

Քրտական «Ֆըրաթ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ ոստիկանութեան կազմակերպուած յանցագործութեան դէմ պայքարի վարչութեան աշխատակիցը սպառնացած է սպաննել թուրք մտաւորական Պասքըն Օրանը:

Ոստիկանը մահուան սպառնալիքներով «Թուրք վրիժառուներու գունդի» անունով ե-նամակներ ուղարկած է Օրանին: «Պասքըն Օրան, քու  ամբողջ անարժան կեանքիդ ընթացքին շողոքորթած ես հայերուն` թրքական հողերուն վրայ չկարենալով հանդուրժել թուրք բառը: Իսկ ո՞վ կրնայ թուրքին մարտահրաւէր կարդալ թուրքի հայրենիքին մէջ, արդեօք դո՞ւն: Շուներդ հաւաքէ, Հայաստան գնա, այլապէս մահդ անխուսափելի է: Քեզի պէս հայու արիւն ունեցողներուն տեղը գերեզմանն է… Արդէն եկած է մեռնելուդ ժամը: Մենք 17 յունիսին պիտի վերացնենք Պասքըն Օրան անունով խառնածինը եւ ցոյց պիտի տանք թուրքի ուժը», կը նշուի ոստիկանի ե-նամակին մէջ:

Բացի ատկէ, ելեկտրոնային նամակատան մէջ մասնագէտները յայտնաբերած են գրութիւն մը, ուր իբրեւ «Թուրքիոյ դաւաճաններ» կը ներկայացուին «Ակօս» շաբաթաթերթի նախկին գլխաւոր խմբագիր, «Թուտէյզ Զաման»ի յօդուածագիր հայազգի Էթիեն Մահչուփեանը, Տիարպեքիրի քաղաքապետ Օսման Պայտեմիրը, քիւրտ քաղաքական գործիչներ Սեպահաթ Թունջելն ու Աքըն Պիրտալը:

Նշենք, որ Պասքըն Օրան դեկտեմբեր 2008-ին հայերէն ներում հայցելու արշաւին նախաձեռնողներէն է:

Նախորդը

ԸՍՏ «ՕՔՍՖԱՄ»Ի 2030-ԻՆ ՍՆՆԴԱՄԹԵՐՔԻ ԳԻՆԵՐԸ ԿՐՆԱՆ ԿՐԿՆԱՊԱՏԿՈՒԻԼ

Յաջորդը

ԹԵԼ ԱՒԻՒ ԿԸ ՅՈՒՍԱՅ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԵԼ ԹՈՒՐՔ-ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.