Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ժընեւ-2»-ը Ամբողջ Միջազգային Ընտանիքին Յաջողութիւնը Պիտի Ըլլայ» Ըսաւ Փութին

October 24, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտնեց, որ Սուրիոյ հարցով «Ժընեւ-2» միջազգային խորհրդաժողովի պատրաստութիւնները ամբողջ միջազգային ընտանիքին յաջողութիւնն է:

Քրեմլինի մէջ դեսպաններու հաւատարմագիրները ստանձնելու արարողութեան ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ Փութին ըսաւ, թէ ամէնէն կարեւոր հարցը այն է, որ Սուրիոյ տագնապը դիւանագիտական միջոցներով լուծելու Ռուսիոյ սեփական կեցուածքը երկիրներու մեծամասնութեան կողմէ հասկացողութեան եւ աջակցութեան արժանացաւ: Ան վերահաստատեց սուրիական տագնապը դիւանագիտական միջոցներով լուծելու հրամայականը:

Ամերիկացի պաշտօնատար մը երէկ յայտարարեց, որ ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի նոյեմբեր 5-ին հանդիպում պիտի ունենայ ամերիկացի եւ ռուս պաշտօնատարներու հետ` պատրաստելու համար «Ժընեւ-2»-ը: Մինչ այդ, Իպրահիմի Ամմանի մէջ յայտարարեց, որ գրեթէ միաձայնութիւն գոյութիւն ունի այն հարցին շուրջ, թէ Սուրիոյ տագնապը ռազմական լուծում մը չունի:

«Ժընեւ-2»-ի շուրջ բանակցութեան թղթածրարին առնչակից ամերիկեան աղբիւր մը լիբանանեան «Ժումհուրիյա» օրաթերթին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի եւ արտաքին գործոց նախարարութեան այն յայտարարութիւնները, թէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ փոխանցման հոլովոյթին մէջ որեւէ ապագայ չունի, եւ թէ Իրանի «Ժընեւ-2»-ի մասնակցութիւնը կախեալ է այդ  երկրին «Ժընեւ-1»-ը ընդունելէն. «յստակ եւ երկակի պատգամ մըն էր»:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի փորձագէտները Քիմիական զէնքերու տարածման արգիլման կազմակերպութեան փորձագէտներու հետ կ՛աշխատին Սուրիոյ քիմիական զէնքերը ոչնչացնելու համար:

ՄԱԿ-ի մօտ Սէուտական Արաբիոյ պատուիրակ Ապտալլա Մուալլեմ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ կոչ ուղղեց` Սուրիոյ մէջ ամբողջական զինադադարի պարտադրման համար հարկ եղած միջոցառումները որդեգրելու` նշելով, որ կարելի չէ Սուրիոյ մէջ կացութիւնը քիմիական զէնքի գործածութեան հարցով սահմանափակել:

Ան ըսաւ, որ սուրիական վարչակարգը կը շարունակէ «իր ժողովուրդին մէջ բնաջնջումի արշաւ շղթայազերծել եւ սովի մատնելու զէնքը կ՛օգտագործէ»` նշելով, որ սուրիացիները պիտի մոռնան իրենց տագնապը արմատական եւ ազդու կերպով լուծման գծով միջազգային ընտանիքին կողմէ անտեսումը:

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներ Մասամբ Հերքած Է Ֆրանսացիները Գաղտնալսելու Մեղադրանքը

Յաջորդը

Վերընտրուելէ Ետք Ալիեւ Առաջին Անգամ Թուրքիա Պիտի Այցելէ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.