Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան գործակալութեան ղեկավար Ճէյմզ Քլեփըր մասամբ հերքած է իր ղեկավարած գործակալութեան կողմէ Ֆրանսայի քաղաքացիները գաղտնալսելու վերաբերող այն տեղեկութիւնները, որոնք մէկ օր առաջ հրապարակուած էին ֆրանսական «Լը Մոնտ» օրաթերթին մէջ` գործակալութեան նախկին պաշտօնեայ Էտուըրտ Սնոուտընի բացայայտած նիւթերուն հիման վրայ:
ԱՖՓ կը հաղորդէ, որ Քլեփըր ըսած է, թէ «Լը Մոնտ»-ի այդ թեմայով յօդուածները «ոչ ճշգրիտ եւ մոլորութեան մատնող տեղեկութիւն կը պարունակեն»: Ան մասնաւորաբար հերքած է այն լուրերը, թէ Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան գործակալութիւնը Ֆրանսայի քաղաքացիներու աւելի քան 70 միլիոն հեռախօսազրոյց գաղտնալսած է:
Մինչ այդ, «Լը Մոնտ» հրապարակած է նոր տեղեկութիւններ, որոնց համաձայն, ամերիկացիները գաղտնալսած են Ուաշինկթընի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան աշխատակիցները եւ ՄԱԿ-ի մէջ Ֆրանսայի ներկայացուցիչները:
Քլեփըրի յայտարարութիւնը Սպիտակ տան կողմէ առաջին պաշտօնական հերքումն էր: Նախապէս Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա խոստացած էր վերանայիլ հետախուզական նպատակներով տուեալներ հաւաքելու եղանակը:


