Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաւասարակշռուած Ուտելիքը Պատիժ Չէ

October 24, 2013
| Առողջապահական - Բժշկագիտական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՔԱՐԼԱ ԵԱՐՏԸՄԵԱՆ

Հաւասարակշռուած ուտելիք սպառել` չի նշանակեր մենք մեզ զրկել համեղ ուտելիքներէ: Պէտք չկայ մտահոգուելու եւ յուսախաբութեան զգացում ունենալու: Հաւասարակշռուած ուտելիքը մեզի չ՛արգիլեր կտոր մը տուրմէն: Անոր սկզբունքը միայն մարմինը առողջ պահելն է: Կարելի է հետեւիլ հաւասարակշռուած սննդականոնի` առանց ամբողջապէս շեղելու սննդառութեան մեր սովորութիւններէն եւ առանց մենք մեզ զրկելու համեղ ուտելիքներէն ու անոնց վայելքէն: Բաւարար է հետեւիլ քանի մը կէտերու.

1.- Պնակ մը սննդարար ախորժաբերներ

Սննդարար ախորժաբերներուն տեսակները շատ են` հում բանջարեղէններ, ապուրի տեսակներ, եփած ու քացախի թացանով պատրաստուած բանջարեղէններ, աղցանի տեսակներ եւ այլն:

Այս ախորժաբերները գանձ են հականեխիչ տարրերու, հանքային տարրերու եւ բնաթելերու, որոնք մեզ կուշտ կը պահեն ճաշի սկզբնաւորութեան: Այս մէկը կ՛օգնէ նաեւ, որ քիչ քանակութեամբ հաց սպառենք, կամ երբեք չսպառենք:

Եթէ ճաշարանի մէջ ճաշ պիտի ապսպրենք, նախընտրելի է ապսպրենք սննդարար ախորժաբերներ, ապա հիմնական ճաշը` փոխանակ նախ ապսպրելու հիմնական ճաշը եւ անկէ ետք անուշեղէնի տեսակ մը:

Իսկ եթէ յաճախ տան մէջ էք, ձեր մօտ միշտ կրնաք պահել պատրաստ ապուրի տեսակներ (նախընտրելի է քիչ ճարպ պարունկող ապուր ընտրել): Կարելի է նաեւ ընտրել վարունգ կամ կամ ստեպղին միշտ ունենալ, զանոնք ալ շատ դիւրին է: Այլընտրանք մըն է նաեւ տուփեղէն բանջարեղէնը, որ պատրաստ խաշած կ՛ըլլայ եւ միայն պէտք ունի թացանի:

2.- Մակնեզիոմով հարուստ ջուր

Օրական մէկուկէս լիթր ջուր խմելը բաւարար չէ, զայն պէտք է իմաստութեամբ սպառել, որպէսզի առաւելագոյն չափով օգտուինք անկէ: Ընդհանրապէս մակնեզիոմի քանակը մեր մարմնին մէջ քիչ կ՛ըլլայ, որ պատճառ կրնայ դառնալ պրկումներու, սրտի արագ զարկի, յոգնութեան, ջղայնութեան եւ անքնութեան, ինչպէս նաեւ` յաւելեալ ծանրութիւն ստանալու: Հանքային ջուր խմելով` կրնանք ստանալ բաւարար մակնեզիոմ եւ հաւասարակշռել անոր քանակը մեր մարմնին մէջ:

3.- Զանազան ճաշացուցակներ

Ամէն շաբաթ նոր ճաշի տեսակներ կարելի է փորձել` զանազան տեսակի սննդարար բանջարեղէններ օգտագործելով եւ նոր ձեւերով ու բաղադրութեամբ զանոնք պատրաստելով:

Իսկ ինչպէ՞ս կարելի է ձեռք բերել այս ճաշացուցակները: Պարզ է` ճաշի գիրքերէն, թերթերէն եւ հեռատեսիլի ճաշի յայտագիրներէն: Անշուշտ բոլորը պէտք է հետեւին սննդականոնի չափանիշներուն:

4.- Թացանը եւ բոյսերը` իւղի փոխարէն

Աղը, շաքարը եւ իւղոտ նիւթերը կրնան համ ու հոտ աւելցնել մեր ճաշին, սակայն անոնց չափազանցութիւնը ոչ մէկ բան կ՛աւելցնէ մեր առողջութեան, այլ ընդհակառակը` կը վնասէ: Կարելի է ճաշը համեմել բոյսերով կամ թացանի սննդարար տեսակներով: Օրինակ` կարելի է օգտատործել «եօթը պղպեղը», սեւ պղպեղը, հելը կամ շուշմիրը, համեմուկը կամ վանիլլան, քրքումը եւ այլն:

Քանի՞ անգամ պատահած է, որ կէսօրէ ետք անօթութեան զգացողութիւնը ունենանք եւ երթանք ու անուշեղէն ուտենք` իբր թէ կշտանալու համար: Պէտք է գիտնանք, որ կտոր մը անուշեղէնը կը պարունակէ քառասուն կրամ շաքար եւ տասը կրամ վնասակար ճարպ: Այս մէկը կարելի է փոխարինել բուռ մը հում, չաղնծուած պիստակեղէնով` ընկոյզ, նուշ, կաղին, որոնք թէ՛ կուշտ կը պահեն, թէ՛ սննդարար են եւ թէ՛ հարուստ են փրոթէինով եւ ճարպի լաւ տեսակով:

 

 

 

Նախորդը

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Ձեր Երեխային Սիրոյ Լեզուն

Յաջորդը

Գաղութէ-Գաղութ

RelatedPosts

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն

March 14, 2025
Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Կապիկի Ծաղկախտ-Monkeypox

August 19, 2024
Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

July 11, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.