ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի վերընտրուած նախագահ Իլհամ Ալիեւ հոկտեմբեր 19-ին կայացած երդման արարողութեան ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ անդրադարձած է նաեւ ղարաբաղեան հակամարտութեան` նշելով, որ հակամարտութեան կարգաւորման համար Ազրպէյճան պիտի ձգտի Հայաստանը մեկուսացնելու տարածաշրջանային բոլոր ծրագիրներէն:
«Մենք պէտք է առաւելագոյնս ձգտինք անոր, որ Հայաստանի տնտեսութիւնը յայտնուի աւելի ծանր վիճակի մէջ, որպէսզի այնտեղ արտագաղթը շարունակուի աւելի արագ կշռոյթներով: Այս ձեւով մենք պէտք է ապահովենք հակամարտութեան կարգաւորման բոլոր հիմնական պայմանները», ըսած է Ալիեւ` աւելցնելով, որ ատոր հասնելու համար Ազրպէյճան նախկինի պէս պէտք է Հայաստանը մեկուսացնէ տարածաշրջանային բոլոր ծրագիրներէն:
Ըստ անոր, Ազրպէյճան պիտի սկսի Հայաստանի նկատմամբ յարձակողապաշտ դիւանագիտութիւն վարել` փորձելով այդ ձեւով նաեւ ճնշում բանեցնել Երեւանի վրայ: Ան նաեւ յայտարարած է, որ իրենց քաղաքականութեան իբրեւ հետեւանք` Հայաստանը ստիպուած է խոստովանելու, թէ կը վախնայ «ազրպէյճանական ուժեղ պետութենէն»:
Իլհամ Ալիեւը նաեւ յատուկ կոչով դիմած է Հայաստանի իշխանութիւններուն` յայտարարելով, որ անոնք պէտք է լքեն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան տարածքը, եթէ «կը մտածեն իրենց ժողովուրդի ապագային եւ Հայաստանի անկախութեան պահպանման մասին»:
«Անգամ մը եւս կ՛ուզեմ նշել, թէ հակամարտութեան կարգաւորումը առաջնակարգ հարց է: Ասիկա պէտք է ամբողջութեամբ լուծուի: Որեւէ անորոշ տարբերակ կրնայ ընդունուիլ միայն իբրեւ ժամանակաւոր տարբերակ», նշած է Իլհամ Ալիեւ` վստահութիւն յայտնելով այն մասին, որ հակամարտութեան ամբողջական կարգաւորում տեղի պիտի ունենայ:


