Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութեան Լաւալի Նորակառոյց Յուշարձանին Շուրջ Քանատահայութիւնը Վերանորոգեց Պահանջատիրութեան Իր Ուխտը

October 22, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հոկտեմբեր 20-ին, Քանատայի Քեպեք նահանգի երրորդ մեծագոյն քաղաքը հանդիսացող Լաւալ քաղաքի կեդրոնը բացումը կատարուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձանին:

Խաչելութիւն-յարութիւն-վերածնունդ խորհրդանշող յուշարձանին հեղինակն է քանատահայ քանդակագործ Արթօ Չաքմաքճեան: Հանրային կեդրոնական վայրի մը մէջ գտնուող եւ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձան իբրեւ, Լաւալի նորակառոյց յուշարձանը Քանատայի մէջ առաջին յուշակոթողն է:

Քանատացի պաշտօնական քաղաքական հիւրերու եւ բազմահարիւր հայրենակիցներու ներկայութեամբ արարողութիւնը սկիզբ առաւ Քանատայի եւ Հայաստանի պետական օրհներգներով եւ պետական դրօշներու շքախումբի մուտքով:

Օրուան հանդիսավար Անի Արեւեան յաջորդաբար բեմ հրաւիրեց Լաւալի Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանի միացեալ յանձնախումբի ատենապետ Սագօ Եագուպեանը, յուշարձանի յանձնախումբի անդամ Յովիկ Թիւֆէնքճեանը, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Քանատայի Միացեալ յանձնախումբի ատենապետ Մհեր Գարագաշեանը, որոնք միահամուռ հաստատեցին հայոց պահանջատիրութեան գծով քանատահայութեան վճռակամութիւնը:

Յուշարձանի հեղինակ  Արթօ Չաքմաքճեան իր սրտի խօսքը փոխանցելով` յայտնեց, թէ յուշարձանի խորքային իմաստը յոյսն է: Գեղարուեստական բաժինին մասնակցեցան երգիչներ Սարգիս Պարսէմեան, Էլի Պէրպէրեան, Լաուրա Պէրպէրեան, տուտուկահար Վաղարշակ Ատէմեան եւ հնգամեայ ասմունքող Կրեթա Մխիթարեան:

Շնորհաւորութեան եւ ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Լաւալի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ժոզլին Կերթէն, Քեպէքի խորհրդարանի անդամ Սուզան Փրուլ, Քանատայի խորհրդարանի անդամ Խօսէ Նունէ Մէլօ, Քանատայի խորհրդարանի անդամ Սթէֆան Տիոն եւ Քանատայի խորհրդարանի նախկին անդամ Մատլէն Տալֆոն Կիրալ, որոնք դատապարտեցին Հայոց ցեղասպանութեան հանդէպ շղթայազերծուած ուրացման քաղաքականութիւնը եւ իրենց անվերապահ զօրակցութիւնը յայտնեցին քանատահայութեան:

Իր խօսքը փոխանցեց նաեւ Քանատայի մէջ Հայաստանի դեսպան Արմէն Եգանեան, որ նորանոր ցեղասպանութիւններ կանխարգիլելու համար` միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց` ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը:

Հայաստանի, Արցախի, Քանատայի, Քեպէքի եւ Լաւալի դրօշներուն հովանիին ներքեւ, թեմի առաջնորդ Խաժակ արք. Յակոբեան, Նաթան արք. Յովհաննիսեան, վերապատուելի Մանուէլ Ճինպաշեան եւ Գէորգ Ծ. վրդ. Զապարեան կատարեցին յուշարձանի օրհնութեան արարողութիւնը:

 

Նախորդը

«ՀԱՊԿ-ի ՄԷՋ Խաղաղապահ Ուժերը Լեռնային Ղարաբաղ Ուղարկելու Հարց Չէ Քննարկուած» Կ՛ըսէ Պորտիուժա

Յաջորդը

Ինքնաշարժի Արկածի Պատճառով Վիրաւորուած Վարդան Պետրոսեանի Վիճակը Կայուն Է

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.