Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Ժողովը Մերժած Է Լեռնային Ղարաբաղի Անկախութեան Ճանաչման Օրէնքի Քննարկումը

October 19, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբը 3 դէմ եւ 2 թեր ձայներու յարաբերակցութեամբ մերժեց «Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան ճանաչման մասին» օրէնքի նախագիծը քառօրեայ իր նիստերու օրակարգին մէջ ընդգրկելու առաջարկը: Երեք պատգամաւորներ չմասնակցեցան քուէարկութեան:

Ժառանգութիւն խմբակցութիւնը «Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան ճանաչման մասին» օրէնքի նախագիծը քննարկման ներկայացուցած էր Հայաստանի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբին: Յանձնախումբի նիստին ընթացքին զեկուցողն էր Զարուհի Փոստանճեան, որ չհամաձայնեցաւ քուէարկութիւնը յետաձգել, որուն իբրեւ արդիւնք օրէնքի նախագիծին ներառումը մերժուեցաւ:

Մինչ այդ, այս մասին կատարուած քննարկումներուն ընթացքին Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարդ Քոչարեան յայտնած էր. «ԵԱՀԿ Մինսքի խումբն այն ձեւաչափն է, որի միջոցով Հայաստանը փորձում է հասնել Լեռնային Ղարաբաղի հարցի խաղաղ կարգաւորմանը: Մենք Լեռնային Ղարաբաղի հարցի կարգաւորման շուրջ ընթացող բանակցութիւններում առաջնորդւում ենք Մինսքի խմբի առաջարկած պայմաններով, որոնք են` հարցի խաղաղ կարգաւորումը, տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ժողովուրդների ինքնորոշումն ու իրաւահաւասարութիւնը»:

Ան նշած է, որ ներկայ դրութեամբ Հայաստանի միակ նպատակը Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման հասնելն է, սակայն ներկայ դրութեամբ նպատակայարմար չէ, որ Հայաստան ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը: Ան համաձայն չգտնուեցաւ Ազգային ժողովի Ժառանգութիւն խմբակցութեան պատգամաւոր Զարուհի Փոստանջեանի արտայայտած այն միտքին հետ, թէ Հայաստանի կողմէ Արցախի անկախութեան ճանաչումը կարելիութիւն պիտի տայ Արցախի ներկայացուցիչներուն` ներառուելու բանակցային գործընթացին մէջ: «Եթէ Հայաստանը հիմա ճանաչի Արցախի անկախութիւնը, ոչ թէ Արցախը կը դառնայ բանակցային գործընթացի մի մասնիկը, այլ բանակցային գործընթացը կը փլուզուի, ուստի այս պահին նպատակայարմար չէ, որ Հայաստանը դիմի այդ քայլին», հաստատած է Քոչարեան` ընդգծելով, որ նպատակայարմար չի նկատեր նաեւ Ազգային ժողովի քառօրեայ նիստերու օրակարգին վրայ հարցին ընդգրկումը:

Ժառանգութիւն խմբակցութեան պատգամաւոր Զարուհի Փոստանջեան նշած էր, որ Հայաստանի կողմէ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման հարցը կուսակցական խնդիր չէ, այլ ոեւէ հայ մարդու խնդիրն է: Ան կոչ ուղղեց պատգամաւորներուն` մէկ կողմ դնելու կուսակցական կողմնորոշումները եւ ստանձնելու Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչման պարտաւորութիւնը: Զարուհի Փոստանջեանի համաձայն, Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչման պարտաւորութիւնը պէտք է կրէ այս Ազգային ժողովը: «Մենք պէտք է գիտակցենք, որ առանց Հայաստանի Հանրապետութեան չկայ Արցախի Հանրապետութիւն, առանց Արցախի Հանրապետութեան չկայ Հայաստան, ուստի անհրաժեշտ է, որպէսզի մենք մեզ վրայ վերցնենք այս պարտականութիւնը` մի կողմ դնելով կուսակցական պատկանելութիւնը եւ առաջնորդուելով սեփական ցանկութիւններով», շեշտած է ան:

Պատասխանելով Հայաստանի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնաժողովի նախագահ Արտակ Զաքարեանի այն հարցումին, թէ Հայաստանի կողմէ Արցախի անկախութեան ճանաչումը բանակցային գործընթացի վրայ ինչպիսի՞ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ` Զ. Փոստանջեան ըսած է, որ նման որոշում որեւէ վտանգ չի ներկայացներ: «Արցախի Հանրապետութիւնը ճանաչելով` մենք կը հասնենք միայն նրան, որ Արցախի իշխանութիւնները եւս բանակցային գործընթացին մասնակցելու հնարաւորութիւն կը ստանան», նշած է ան` ընդգծելով, որ Ժառանգութիւն խմբակցութիւնը նախագիծին մէջ վտանգաւոր ոչինչ կը տեսնէ:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչումը չ՛առաջնորդե՞ր Ազրպէյճանի կողմէ ռազմական յարձակումի, Փոստանջեան ընդգծած է, որ Ազրպէյճան այս պահուն պատրաստ չէ ռազմական գործողութիւնների: «Ես համոզուած եմ, որ եթէ Ազրպէյճանը պատրաստ կը լինի ռազմական գործողութիւնների, նա կը դիմի ագրեսիայի` անկախ նրանից ճանաչել է Հայաստանն Արցախի անկախութիւնը, թէ ոչ», ըսած է ան:

Մինսքի խումբի ձեւաչափին վերաբերեալ Փոստանջեանը դիտել տուած է, որ անիկա կրնայ արդիւնաւէտ ըլլալ, երբ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչները մաս կազմեն անոր:

 

Նախորդը

ԵԱՀԿ Մինսքի Համանախագահները Մտահոգութիւն Կը Յայտնեն Զինադադարի Խախտման Գծով

Յաջորդը

Կիրօ Մանոյեան. «Թուրքիոյ Կողմէ Ցեղասպանութեան Ճանաչման Հարցով Կարելի Չէ Որեւէ Բան Ակնկալել Մինչեւ 2015»

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.