Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պիտի կազմուի միայն 9+9+6 տարազի հիման վրայ, «իսկ ո՛վ որ կը հաւատայ, թէ այլ ձեւով կարելի է կազմել կառավարութիւնը` կը սխալի», աւելցուց ան:
Ֆայեատ ընդգծեց, որ իսկական Դիմադրութիւնը կարելի չէ շրջանցել` ո՛չ տեղական, եւ ոչ ալ շրջանային իմաստով:
«Որքան ալ մարդիկ փորձեն շրջանցել կամ լուսանցքայնացնել զայն, Դիմադրութիւնը կը մնայ հզօր եւ անոր դերակատարութեան նկատմամբ ճանաչումը կը մնայ տիրական», ըսաւ ան:
Ֆայեատ հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան իմաստով կարելի պիտի չըլլայ Դիմադրութիւնը շրջանցել. ան աւելցուց, որ Դիմադրութիւնը իր ամբողջ ուժը եւ զօրութիւնը կը տրամադրէ Լիբանանի ապահովական կայունութեան պահպանումին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի գերագոյն շահերը ապահովելու համար բոլորին հետ կը գործակցի եւ երկխօսութեան պատրաստ է:


