Ատհայի տօնին առիթով, հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի Կեդրոնական Պէյրութի Մոհամետ Ամին մզկիթին մէջ նախագահեց օրուան նամազին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ ան շեշտեց, որ Լիբանանի ապրած ներկայ տագնապալի պայմաններուն ընթացքին տօները առիթներ են գործով եւ բանիւ վերադառնալու ազգային միասնականութեան, եւ ոչ թէ հաղորդագրութիւններ հրապարակելով կամ օդին մէջ կարգախօսներ արձակելով:
«Մեր բաժանումին միակ պատճառը մեր քաղաքական ղեկավարներուն վարուելակերպն է` նկատի ունենալով, որ անոնցմէ ոմանք մաս կը կազմեն արեւմտեան կամ, արեւելեան ճամբարներուն», ըսաւ ան:
Իր խօսքը ուղղելով լիբանանցիներուն` միւֆթի Քապպանի ըսաւ. «Իմացէ՛ք, որ թէ՛ արեւելեան, եւ թէ արեւմտեան ճամբարներուն միա՛յն իրենց շահերը կը հետաքրքրեն, եւ ոչ թէ այս կամ այն ժողովուրդին շահերը: Անոնք իրենց քաղաքականութիւնը կը կիրարկեն մեր վրայ եւ մեր հարստութիւնները կ՛իւրացնեն»:
Միւֆթի Քապպանի խստիւ քննադատեց երկրին երեսփոխանական ընտրութիւնները յետաձգելու, խորհրդարանին նստաշրջանը երկարաձգելու, խորհրդարանին աշխատանքները խոչընդոտելու, կառավարութեան կազմութեան ջանքերը արգելակելու եւ երկրին մէջ քաղաքական խաղերը շարունակելու արարքները:
Ան շեշտեց, որ լիբանանցի քաղաքական պատասխանատուները արիւնաքամ կ՛ընեն Լիբանանն ու լիբանանցիները եւ պատճառ կ՛ըլլան մեծ թիւով լիբանանցիներու արտագաղթին:
Հանրապետութեան միւֆթին կոչ ուղղեց լիբանանցի քաղաքական ղեկավարներուն` վերադառնալու իրենց գիտակցութեան եւ փրկելու Լիբանանը` ընդգծելով, որ արաբ ժողովուրդին միակ թշնամին Իսրայէլն է, որ բռնագրաւուած կը պահէ Պաղեստինը, Լիբանանն ու Սուրիան եւ կը ջանայ կերտել Նոր Միջին Արեւելքը` մասնատելով եւ բաժնելով բոլոր երկիրներն ու ժողովուրդները:
«Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի կողմէ Նոր Միջին Արեւելքի ծրագիրը նոր գաղութատիրութիւն մըն է, որ արաբներուն եւ լիբանանցիներուն միասնականութեան համար քանդիչ բնոյթ ունի», եզրափակեց միւֆթի Քապպանի:
Միւս կողմէ, միւֆթի Քապպանի շնորհաւորական հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ստացաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանէն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիէն, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունէն, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքէն, շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալանէն, տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասանէն, Թրիփոլիի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաարէն, բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիէն, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով պետական եւ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններէ:


