ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Ուքրանիոյ տնտեսական զարգացման եւ առեւտուրի նախարար Իկոր Փրասոլովի հետ հանդիպումին ընթացքին Եւրոպական յանձնաժողովի զարգացման եւ համագործակցութեան հարցերով գլխաւոր տնօրէնութեան կից ծրագիրներու տնօրէնը յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութիւնը պիտի կարողանայ Ուքրանիոյ 160 միլիոն եւրոյի օգնութիւն տրամադրել, եթէ երկիրը պետական ելեւմուտքներու կառավարման գործին մէջ զարգացում ցոյց տայ:
Քոլըր ըսած է, որ Եւրոպական Միութիւնը կրնայ վերսկսիլ օժանդակութիւն տրամադրելու Ուքրանիոյ` պիւտճէական աջակցութեան դրոյթներու միջոցով: Իսկ ուքրանացի նախարարը նշած է, որ պետական ելեւմուտքներու կառավարման ոլորտին մէջ բարեփոխումներ կատարելը կառավարութեան հիմնական խնդիրներէն մէկն է, որուն իրականացման ընթացքին անոնք կը հիմնուին Եւրոպական յանձնաժողովէն ստացուող մեծ օգնութեան վրայ:


