Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնած են, թէ սէուտական կողմ մը որոշած է պատժել Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավարը` Հըզպալլայի դէմ անոր պայքարին արձանագրած բացթողումներուն կամ թերեւս սուրիացի «յեղափոխականներուն» հարկ եղած ձեւով չօժանդակելուն պատճառով:
Նոյն օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրիի ունեցած հանդիպումները` Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու պատասխանատու Ժըպրան Պասիլի հետ, Մուսթաքպալ հոսանքի անդամներուն վրայ այն տպաւորութիւնը ձգած է, թէ անոնք լքուած են, եւ թէ Ռիատի պատասխանատուները բնաւ միտք չունին լիբանանցի իրենց դաշնակիցներուն հետ գործակցելու:
«Մուսթաքպալ հոսանքին ներկայ իրավիճակը կարելի է բացատրել երկու բառով` տեղքայլ եւ սնանկացում», նշուեցաւ օրաթերթին մէջ:


