«Ճիհան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ «Ազրպէյճան երկաթուղագիծեր» ընկերութեան նախագահ Արիֆ Ասքերով յայտնած է, որ Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղագիծի կառուցումը կը շարունակուի, ըստ ճշդուած ժամանակացոյցին:
«Երկաթուղագիծի կառուցման առաջին եւ երկրորդ հանգրուանները արդէն ամբողջացած են, եւ ներկայիս աշխատանք կը տարուի երրորդ հանգրուանին վրայ: Վրաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ 4.3 քիլոմեթր երկարութեամբ փապուղիի շինութիւնը եւս կը շարունակուի», ըսած է Ասքերով:
Ան աւելցուցած է, որ թրքական կողմին վրայ երկաթուղագիծի 2.2 քիլոմեթր երկարութեամբ հատուածի կառուցումը աւարտած է, իսկ վրացական հատուածին մէջ` 200 մեթր, եւ երկաթուղագիծը պիտի սկսի բանիլ 2014-ին:
Ազրպէյճանի 25 տարուան համար 775 միլիոն տոլարի վարկ տրամադրած է Վրաստանին` կառուցելու համար երկաթուղագիծի վրացական հատուածը:
Կը նախատեսուի, որ 30 միլիոն թոն ապրանքներ պիտի փոխադրուին Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղագիծի ճամբով, որ ուղղակի կերպով պիտի կապուի եւրոպական երկաթուղագիծերու ցանցին:


