Հարաւային Ամերիկայի սահմանագօտիին մէջ տեղի ունեցող 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Փերուի մարզիչ Սերճիօ Մարգարեան պիտի կատարէ իր վերջին մրցումը` դռնփակ, երբ անոր կազմը հիւրընկալէ Պոլիվիան:
Այս մրցումը արդէն իսկ կը նկատուի անիմաստ, երկու խումբերուն համար ալ, ինչ կը վերաբերի Պրազիլի տոմս մը ապահովելուն` նկատի ունենալով, որ երկուքն ալ ոչ նախանձելի դիրքի վրայ կը գտնուին:
ՖԻՖԱ-ին որոշումով, Լիմայի մէջ գտնուող «Էսթատիօ Նասիոնալ» մարզադաշտը պիտի ըլլայ ամբողջութեամբ պարապ` նկատի ունենալով, որ Փերու կախակայուեցաւ, որովհետեւ անոր համակիրները, նախորդ ամիս, Ուրուկուէյի դէմ տեղի ունեցած մրցումին տարբեր տեսակի իրեր նետեցին օրուան կեդրոնի արժանթինցի իրաւարարին` Փաթրիսիօ Լուսթոյի վրայ:
68 տարեկան ուրուկուէյահայ Մարգարեան ըսաւ, թէ երեք տարի իր պաշտօնին վրայ մնալէ ետք իր կազմէն կը հեռանայ ոչ այդքան ալ ուրախ, որովհետեւ շատ սերտ կապեր ունէր Փերուի ազգային խումբին հետ:
Նշենք, որ անցեալին ան մարզիչ եղած է նաեւ Փարակուէյի, Յունաստանի, Մեքսիքայի եւ Չիլիի մէջ ալ:


