ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Մտիկ ըրէք` ինչ որ կ՛ըսեն ձեզի, որպէսզի կարենաք միասնակամ մնալ: Ինքնագլուխ շարժիլը կը վնասէ ձեր յարաբերութեան: Եղէք հաշտարար:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր բարեկամները պիտի մնան ձեր կողքին, հաւատացէք անոնց անկեղծ վերաբերումին: Պիտի յառաջդիմէք յաջողութեամբ: Օրը փայլուն է:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Շարունակեցէք ձեր գործունէութիւնը` ձեր ընտրած ճանապարհով: Հետեւողական գործունէութիւնը շատ լաւ արդիւնք պիտի տայ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Բարեկամական կապը պահեցէք այն անձերուն հետ, որոնք ծանօթացաք վերջերս կատարած ձեր ճամբորդութեան ընթացքին: Գոհ պիտի մնաք անոնցմէ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր նոր նախաձեռնութիւնը շահեկան աւարտ մը պիտի ունենայ: Աշխատանքը միշտ կը վարձատրէ աշխատողը: Շարունակեցէք ձեր ծրագրին վերաբերեալ նորութիւններ իրագործել:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Պիտի ունենաք նոր գործունէութիւն` քանի մը անձերու հետ: Զանոնք պիտի առաջնորդէք նոր յայտագիր մը ստեղծելով եւ անոնց յանձնելով նոր գործեր: Ձեր պատասխանատուութիւնը պիտի ընթանայ յաջող:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Գործունեայ պիտի ըլլաք` եռանդուն դերակատարութեամբ: Պիտի քաղէք ձեր աշխատանքին պտուղը: Ուրախ պիտի մնաք այս արդիւնքով:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Սիրալիր մթնոլորտ պիտի տիրէ ձեր շուրջը: Վայելեցէք սիրոյ ստեղծած ջերմութիւնը, որ կը տիրէ ձեր շուրջը: Սիրուած ըլլալու ուրախութիւնը պիտի զգաք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր տան մէջ ունիք կարեւոր դերակատարութիւն եւ պատասխանատու պարտաւորութիւն: Բեռնաւորուած էք, բայց պիտի կարենաք յաղթահարել հարցերը:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր աշխատանքին վերաբերեալ տեղափոխութիւն մը ձեզ պիտի առաջնորդէ երկիր մը: Պատրաստ եղէք դիմակալելու նոր աշխատանք եւ նոր հարցեր:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Հաճելի անակնկալ մը պիտի ունենաք ձեր ասպարէզին ճամբով: Օրը պիտի անցնի աշխատանքով, բայց` հաճելի աւարտով: Եղէք լաւատես եւ ուրախ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր ունեցած կենդանակերպ-աստղին նման, պիտի «լողաք» ջուրի մէջ, ձուկի նման: Այս ալ նկատեցէք հաճոյք եւ արդիւնաւէտ բախտ:
