Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներու թղթածրարին առնչութեամբ վերջին հանգրուանի լաւատեսութիւնը կը մնայ տիրական:
Առեւանգուած լիբանանցիներու հարազատներուն անունով յայտարարութիւն կատարեց Տանիել Շաայպ, որ յայտնեց, թէ իրենք իմացած են, որ իրենց հարազատներու թղթածրարին լուծումը մօտալուտ է:
«Սակայն անոնց ազատ արձակումին վերաբերող յատուկ թուականի մը մասին ոչ մէկ տեղեկութիւն փոխանցուած է մեզի», ըսաւ ան:
Նշենք, որ ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ շեշտեց, որ այդ թղթածրարը մօտիկ ապագային իրականանալիք լուծման ուղիին վրայ կը գտնուի:


