Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ռաս Նաքուրայի ՖԻՆԻՒԼ-ի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է եռակողմանի զինուորական հանդիպում մը, լիբանանցի ու իսրայէլացի սպաներու եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն միջեւ` նախագահութեամբ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրայի:
Նիստին ընթացքին քննարկուած են ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ իսրայէլեան ուժերուն կողմէ սահմանային Կապոյտ Գիծը խախտելու արարքները, ինչպէս նաեւ հիւսիսային Ղաժարէն իսրայէլեան բանակին նահանջը ապահովելու քայլերը:
Զօր. Սերրա ողջունեց լիբանանեան եւ իսրայէլեան կողմերուն ցուցաբերած գործակցութիւնը` ՖԻՆԻՒԼ-ին նկատմամբ, ինչպէս նաեւ երկուքին ինքնազսպումը, որուն իբրեւ արդիւնք հարաւային Լիբանան-Իսրայէլ սահմանը ապահովական կայունութիւն կը վկայէ:
ՆՇԵՆՔ, որ լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, երէկ առաւօտեան ժամը 6:00-ին 12 իսրայէլեան օդանաւեր խախտած էին Լիբանանի օդային սահմանները` Ռայեաքի, Պաալպէքի եւ Հերմելի վերեւ գործելով թռիչքներ եւ կեղծ յարձակումներ:


