Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու կոչ ուղղեց` Թեհրանի դէմ հաստատուած պատժամիջոցները խստացնելու, զայն մղելու համար իր հիւլէական ռազմական ծրագիրէն հրաժարելու:
Նեթանիահուի կարծիքով` «պաղեստինցիներուն հետ խաղաղութիւնը կարելի կ՛ըլլայ միայն այն ատեն, երբ անոնք Իսրայէլը ճանչնան իբրեւ հրեայ ժողովուրդին ազգային պետութիւնը»:


