Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Մէջ. Մօրը Հայ Ըլլալը Յայտնած Լրագրողը Ենթարկուած Է Հարազատներուն Սպառնալիքներուն

October 9, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ ժամանակակից լրագրողներու միութեան նախագահ Ահմետ Ապաքայ յայտնած է, որ նոյնիսկ իր հարազատներէն սպառնալիքներ ստացած է, երբ մամուլով ըսած է, թէ իր մայրը ամբողջ կեանքին ընթացքին գաղտնի պահած է հայ ըլլալը, իսկ ինք այդ մասին գիրք գրած է:

Թրքական «Ռատիքալ» օրաթերթին համաձայն, գրող-լրագրող Ահմետ Ապաքայ իր մօր մասին գրած «Հոշանայի վերջին խօսքը» գիրքի շնորհահանդէսին ընթացքին պատմած է, որ երբ ինք մամուլով յայտնած է, թէ գիրք գրած է 82 տարեկանին իր հայ ըլլալը բացայայտած մօր մասին, ենթարկուած է նոյնիսկ իր հարազատներուն սպառնալիքներուն: «Երբ այսօր իմ բարեկամներս նման բաներ կ՛ըսեն ինծի եւ այդպիսի դիրքորոշումներ կ՛ունենան, ուրեմն բնական է, որ մայրս այդքան տարիներ վախցած է յայտնելու իր հայ ըլլալը», նշած է Ապաքայ` շեշտելով, որ իր մայրը խնդրած է, որ մինչեւ իր մահը ոչ ոքի ըսէ իր հայ ըլլալուն մասին:

Ահմետ Ապաքայ պատմած է, որ գիրքը գրելու ընթացքին շատ զգացական պահեր ապրած է եւ որոշ հատուածներ գրելէ ետք երկար լացած է:

Թուրքիոյ  ժամանակակից լրագրողներու միութեան նախագահ Ահմետ Ապաքայի «Հոշանայի վերջին խօսքը» գիրքի նախաբանին մէջ գրուած է հետեւեալը.

«Մանկութենէն ի վեր ալեւիական մշակոյթով մեծցած կին մը իր հայ ըլլալը 82 տարի շարունակ իր ընտանիքէն, երեխաներէն, թոռներէն գաղտնի՞ պիտի պահէ: Գիւղ մը 82 տարի եւ այսօր պիտի լռէ՞:

«Մինչեւ որ օր մը իր ամէնէն կրտսեր որդիին` ինծի, պատմեց իրականութիւնը` իր մանրամասնութիւններով: Յաջորդ օրը արկածի իբրեւ հետեւանք կորսցնուց իր գիտակցութիւնը, որմէ ետք մահացաւ: Գրելով Հոշանայի այս գաղտնիքին մասին, անհրաժեշտ նկատեցի ներկայացնել անոր կեանքէն մանրամասնութիւններ, որոնք կ՛երկարին մինչեւ իմ մանկութեան եւ երիտասարդութեան տարիները»:

 

 

Նախորդը

Ինտոնեզիոյ Ծովամոյն Դարձած Նաւէն Փրկուած 16 Լիբանանցիներ Ժամանեցին Պէյրութ

Յաջորդը

«Հարսնաքար»-ի Հարցով Ամբաստանեալ Նորայր Հայրապետեան Խոստովանեցաւ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.