Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 9 ՄԱՐՏ 1961 )

March 9, 2011
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ

 «ՄԱՅՐ» ՍՈՖԻԱ ՅԱԿՈԲԵԱՆ 11,000 ՏՈԼԱՐ
ԿԸ ՆՈՒԻՐԷ ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ

«Հայրենիք»ի 22 փետրուարի թիւէն կ՛իմանանք.-

Սոֆիա Լ. Յակոբեան 11,000 տոլար նուիրած է Հ. Օ. Միութեան յիսնամեակին առթիւ, որպէսզի անոր եկամուտները գործածուին Հ. Օ. Միութեան յատուկ նպատակներուն:

Դրամագլուխն ու եկամուտները տարուէ տարի պիտի աճին: Այս առթիւ Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը իր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ «Մայր» Սոֆիա Լեւոն Յակոբեանի, որ իշխանական նուէրով մը մասնակից կը դառնայ Հ. Օ. Միութեան ոսկեայ յոբելեանին: Իր անունը եւս Հ. Օ. Միութեան պատմութեան մէջ պիտի մնայ անմոռանալի եւ պիտի ծառայէ իբրեւ բարութեան եւ նուիրումի օրինակ` հայութեան:

«Հայրենիք» տալէ ետք, լուրը կը գրէ իր կողմէ.

«Ուրախութեամբ կը հրատարակենք այս տեղեկութիւնը, որ կու գայ անգամ մը եւս հաստատել, թէ ի՛նչ վեհանձն ու զոհաբերութեան ընդունակ ազնիւ հոգի մը ունի Սոֆիա Յակոբեան: Ուրախ ենք, որ Ս. Յակոբեան գրեթէ ամէն տարի անակնկալի առջեւ կը դնէ մեզ` իր զոհաբերական յաջորդական քայլերով, որոնք կ՛ապացուցեն իր հայասիրութեան ու զոհաբերութեան վսեմ ոգին: Հպարտ է Հ. Օ. Միութիւնը` իր շարքերուն մէջ ունենալով նման դէմք մը եւ հպարտ է հայութիւնը` նման զաւակներ ծնած ըլլալուն համար:

Ո՛ւր էր թէ վարակիչ ըլլար իր այս նոր ու վեհանձն քայլը` ուրիշ հայերու համար ալ, որոնք կան բարեբախտաբար»:

 Ո՞Վ Է ԱՇՈՏ ՄԱԼԱՔԵԱՆ

 Յայտնի հայ բեմադրիչ Աշոտ Մալաքեանի (Անրի Վեռնէօյ) հարսանեկան փառաշուք հանդէսը տեղի ունեցաւ վերջերս Փարիզի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցիին մէջ` նախագահութեամբ Եւրոպայի կաթողիկոսական պատուիրակ եւ առաջնորդ Սերովբէ արք. Մանուկեանի: Մալաքեան իրեն կեանքի ընկեր ընտրած էր ֆրանսական սինեմարուեստի ծանօթ դերասանուհիներէն Ֆրանսուազ Պոնոն:

Ամուսնական հանդէսին արձագանգ եղած են Փարիզի գրեթէ բոլոր թերթերը` հրատարակելով նաեւ Մալաքեանի ամուսնական նկարները:

Աշոտ Մալաքեան ծնած է Ռոտոսթօ, 1920-ին, եւ փոքր տարիքէն եկած է հաստատուիլ Մարսէյ: Զաւակն է ռոտոսթոցի Յակոբ Մալաքեանի, որ համեստ շապկագործ մըն էր ու երաժշտապետ` Մարսէյի Ս. Թարգմանչաց եկեղեցւոյ: Իր պաշտօնակիցը` եկեղեցւոյ աւագ սարկաւագ Գաբրիէլ, ի յարգանս ողբացեալ Յակոբ Մալաքեանի, մասնակցած էր հարսանեկան հանդէսին:

 ՍԻՐԱՆՈՒՇ ՏԷՐ ՄԱՆՈՒԷԼԵԱՆ

 Չեմ գիտեր թէ ո՛ւր ծնած էր, կամ ե՛րբ, հիմա որ ան չկայ, արժէք չունին նաեւ այդ տեղեկութիւնները: Հիմա, էականը աննիւթական ու անշօշափելի բան մըն է: Հիմա կարեւոր բան մը կը կազմաւորուի զինք ճանչցողներու մտքին մէջ` իր յիշատակը:

Նիւ Հեմշիրի լեռներուն վրայ` անտառի մը մէջ, կիրակի առաւօտ մը Սիրանուշ Տէր Մանուէլեանի ձեռքի շարժումներուն հետ, իր երգեցիկ խումբը` Հայ առաքելական եկեղեցիի Ս. պատարագի քաղցրալուր մեղեդիները կը սփռէր ծառերուն տակ նստած օտարներուն եւ ափ մը հայերուն նաեւ` ծառերուն ու լեռներուն: Հայաստանէն հազարաւոր մղոններ հեռու, ովկիանոսներով, ծովերով, լեռներով ու անտառներով բաժնուած, հայ օրիորդ մը, այդ առաւօտ կը պատարագէր հայ մշակոյթին:

Սիրանուշ Տէր Մանուէլեան, կանաչ փիլոն մը ուսերուն, իր ուժերուն ներած չափով, իր խումբին կարողութեան սահմաններուն մէջ, հայ երգի իր անսպառ սիրով, այդ առաւօտ կ՛օղակէր անգամ մը եւս մշակոյթի բազմաթիւ այլ քուրմերուն նման, հայ ժողովուրդի հոգեկան արտայայտութեանց շղթան:

Հիմա ան չկայ անողոք ճակատագրով մը, արկածահար ինկած է ան, ու լռած է իր ձայնը: Ուրիշ օր մը, ուրիշ տեղ, ուրիշներ կը շարունակեն ու պիտի շարունակեն նոյն պատարագը մատուցանել, պիտի շարունակեն ծառայել հայ ժողովուրդի դարերու աշխատանքով կերտած սեփական մշակոյթին: Ինք բացակայ պիտի ըլլայ, ինք հոն, վերը, իրմէ առաջ նոյն ճամբուն վրայ քալողներուն եւ ինկողներուն փաղանգին մէջ պիտի ըլլայ ու գոհունակութեամբ պիտի վար նայի, եւ տեսնէ` ուրիշ հայ օրիորդի մը ճպոտին բարձրանալը, հայ երգի սփռումը ղեկավարելը, ու գոհանայ պիտի իր հոգին:

Յոգնած ու չարչարուած մարմին մը հողին կը յանձնուի, հանգի՜ստ անոր:

 ԲԺ. Բ. ՓԱՓԱԶԵԱՆ

1 մարտ, 1961

Նախորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԿՈՒ ՏԱՅ ՖՐԱՆՍԱ

Յաջորդը

ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ` ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ. ՄԵՆԱԿԵԱՑ ԴԱՐԲԻՆԸ

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.