
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն տակաւին կը մնայ Լիբանանի փրկութեան երթի ղեկավարը», ընդգծեց երեսփոխան Ուալիտ Խուրի` Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան մէկ հանդիսութեան ընթացքին: «Զօր. Աուն մեծ ներդրում ունի ներքին անդորրութեան այն մթնոլորտին մէջ, զոր Լիբանան կ՛ապրի ներկայիս», շարունակեց երեսփոխան Խուրի` դիտել տալով, որ կարելի չէ բարեկարգել Լիբանանի քաղաքական կեանքը, առանց ընտրական արդար օրէնքի: Ան ցաւ յայտնեց, որ կարելի չեղաւ ցարդ վաւերացնել ընտրական օրէնքը` նշելով, որ 2005-էն ի վեր Լիբանանի մէջ պետական պիւտճէի վաւերացում չէ կատարուած:


