Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի յայտնեց, որ ամերիկեան վարչակարգը վստահութեան արժանի եւ ողջմիտ չէ, ամբարտաւան է եւ խոստմնադրուժ: Ան ողջունեց իրանեան նոր կառավարութեան որդեգրած դիւանագիտական ընթացքը, սակայն նշեց, որ Նիւ Եորքի մէջ պատահած կարգ մը բաներ անտեղի էին:
Ան շեշտեց, որ «ամերիկեան վարչակազմը անվստահելի է եւ միջազգային սիոնականութեան վերահսկողութեան տակ»` աւելցնելով, որ «ամերիկեան վարչակազմը իսրայէլեան գոյացութեան նկատմամբ ճկունութիւն ցուցաբերելու պարտադրանքին տակ կը գտնուի»:


