Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կուսակցութիւնը Երկրի Եւ Պետականութեան Համար Է» Կ՛ըսէ Աղուան Վարդանեան

October 5, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Աղուան Վարդանեան

Երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովի աւանդական հարցում-պատասխանի ընթացքին լրագրողները հերթական անգամ անդրադարձան Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Վահան Յովհաննիսեանի` Գերմանիոյ մէջ դեսպան նշանակուելու հարցին:

Լրագրողներուն կը հետաքրքրէր, թէ կարելի՞ է, որ անկէ ետք ՀՅԴ-ն փոխէ իր դիրքորոշումները:

«Այսքան ժամանակ դուք տեսա՞ծ էք, որ որեւէ հարցի մէջ մեր դիրքորոշումները փոխուած են, տեսա՞ծ էք, որ մենք կ՛ըսենք, թէ իշխանափոխութիւն պէտք չէ մեր երկրին մէջ», նշեց Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան:

Ան լրագրողներուն յայտնեց, որ այդ նիւթին շուրջ Վահան Յովհաննիսեան բազմիցս խօսած է, հարցազրոյցներ տուած է, մամլոյ ասուլիսի հրաւիրած է:

«Ինծի համար մէկ բան կարեւոր է` Վահան Յովհաննիսեանի դեսպան դառնալը կարեւոր երկիրներէն մէկուն մէջ օգո՞ւտ է մեր երկրին, թէ՞ ոչ: Համոզուած եմ, որ դուք ալ համաձայն պիտի ըլլայիք, որ մեր բոլոր դեսպանները ունենային անոր փորձառութիւնը, կարողութիւնները, առհասարակ, պետական կառավարման համակարգին մէջ ալ մարդիկ դարձեալ իրենց յատկութիւններով, աշխարհայեացքով մօտ ըլլային Յովհաննիսեանին: Անշուշտ, Վահան Յովհաննիսեանի` դեսպան նշանակուելէն երկիրը պիտի շահի», յայտարարեց Աղուան Վարդանեան:

Ան անդրադարձաւ այն հարցումին, թէ արդեօք Դաշնակցութիւնը անկէ պիտի չտուժէ՞: «Դաշնակցութիւնը պիտի տուժէ՞: Թերեւս տուժէ, բայց կուսակցութիւնը ինքն իր համար չէ, երկրին եւ պետականութեան համար է: Ոչինչ, անոր ալ կը դիմանանք, հանգիստ մնացէք», յայտնեց դաշնակցական պատգամաւորը եւ խորհուրդ տուաւ այս հարցին առումով դուրս գալ պարզամիտ, նախնական մօտեցումներէն:

Աղուան Վարդանեան խօսեցաւ նաեւ կուսակցութեան մշակած արտագաղթի կանխարգիլման ծրագիրին մասին: «Մենք բաւական երկար ժամանակ մշակած ենք այդ ծրագիրը եւ այժմ աշխուժօրէն աշխատանք կը տանինք զայն կեանքի կոչելու համար: Մենք այդ ծրագիրը արդէն ներկայացուցած ենք բոլոր քաղաքական ուժերուն, փորձագէտներուն, հասարակական կազմակերպութիւններուն», յայտնեց Վարդանեան` ընդգծելով, որ արտագաղթը Հայաստանի առջեւ դրուած ամէնէն լուրջ մարտահրաւէրներէն մէկն է, եւ իրենք ամէն ինչ պիտի ընեն զայն կանխելու համար:

Ինչ կը վերաբերի Գէորգ Կոստանեանի` ընդհանուր դատախազի պաշտօնը ստանձնելուն, ըստ Աղուան Վարդանեանի, Հայաստանի արդարադատութեան համակարգին մէջ լուրջ խնդիրներ կան, որոնք պէտք է լուծում ստանան միացեալ աշխատանքի իբրեւ արդիւնք: «Մենք պէտք չէ մեր ձեռքերը ծալլած նստինք եւ սպասենք փոփոխութիւններու, այլ պէտք է մեր աշխատանքով այնպէս ընենք, որ այդ բարեփոխումները իրականութիւն դառնան: ՀՅԴ-ն գործունէութեան այդ ուղին ընտրած է», ընդգծեց Վարդանեան:

Անդրադառնալով Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ  Զարուհի Փոստանջեանի ուղղած հարցումին` Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան յստակացուց, որ այդ հարցումը տասներորդական կարեւորութիւն կը ներկայացնէ, պէտք չէ այդքան կեդրոնանալ անոր վրայ` հաշուի առնելով երկրին մէջ առկայ բազմաթիւ խնդիրները:

Լրագրողներու այն հարցումին, թէ արդեօք Դաշնակցութիւնը հարցումին վերաբերեալ դատապարտող յայտարարութիւն մը պիտի կատարէ՞, պատգամաւորը պատասխանեց, որ ինք չի կարծեր, որ ասիկա այն հարցն է կամ այն անձը, որուն համար պէտք է դատապարտող յայտարարութիւն կատարենք: Ըստ անոր, Փոստանջեան հայ կին է, սակայն այդ հարցումը այդ միջազգային կառոյցին մէջ ուղղելը սխալ էր:

 

Նախորդը

Տրապիզոնի Դատարանը Միջնորդած Է Միաւորելու Տինքի Սպանութեան Գործով Դատավարութիւնները

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան Այցելեց Հայաստանի Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդի Ազգային Անվտանգութեան Սպառնալիքներու Վերլուծութեան Կեդրոն

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.