«Հիւրրիյէթ տէյլի նիուզ» կը հաղորդէ, որ Տրապիզոնի դատարանը միջնորդած է միաւորելու սեւծովեան Տրապիզոն քաղաքի կիսազինուորական ոստիկանութեան նախկին ղեկավար Ալի Օզի դատավարութիւնը Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով Պոլսոյ մէջ ընթացող հիմնական դատավարութեան հետ: Ալի Օզ կը մեղադրուի Տինքի սպանութեան ժամանակ իր պաշտօնական պարտականութիւնները չկատարելու յանցանքով:
Նախապէս Օզ արդէն դատապարտուած էր վեց ամսուան բանտարկութեան, սակայն Գլխաւոր վերաքննիչ դատարանը վերատեսութեան ենթարկած էր այդ որոշումը եւ նոր դատավարութեան սկսած: Ալի Օզ կը մեղադրուի այն բանի համար, որ ժամանակին տեղեակ չէ պահած իշխանութիւնները Հրանդ Տինքի սպանութեան կազմակերպիչին` Եասին Հայալի կողմէ ստեղծուած խմբակին եւ անոնց կողմէ սպանութեան նախապատրաստման վերաբերեալ, հակառակ անոր որ այդ մասին տեղեակ եղած է 2006-էն ի վեր:
Տինքի սպանութեան գործով հիմնական դատավարութիւնը վերսկսած է 17 սեպտեմբերին: Բոլոր ամբաստանեալները կը մեղադրուին սպանութեան նպատակով խմբակի ստեղծման յանցանքով: Միաժամանակ, Տինքի ընտանիքն ու անոր կողմնակիցները դէմ արտայայտուած են նոր դատավարութեան հիմնաւորման, ըստ որուն, ամբաստանեալները կը մեղադրուին յանցագործներու խումբ ստեղծելու յանցանքով` պնդելով, որ պետութիւնը ահաբեկչական դաւադրութեան մասնակից եղած է:


