Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կոմիտաս Վարդապետ» Համահայկական Փառատօնը Վերջ Գտաւ

October 5, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լուսանկարը` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի

3 հոկտեմբերին Արամ Խաչատրեան համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Կոմիտաս վարդապետ» համահայկական փառատօնի փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը:

Ձեռնարկին ներկայ էին Հայաստանի առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեան, սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, պետական-հասարակական գործիչներ, Կոմիտասի արուեստի երկրպագուներ:

Նախարար Հրանուշ Յակոբեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ «Կոմիտաս վարդապետ» փառատօնին կայացումը նպաստեց հայկական սփիւռքի մշակութային եւ հոգեւոր համախմբման Կոմիտասի արուեստին շուրջ: Յակոբեան նշեց, որ այս օրերուն նոյնիսկ ճափոնցիի, գերմանացիի եւ թուրքի շուրթերէն հնչեցին Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները:

26 սեպտեմբերէն սկսած «Կոմիտաս վարդապետ» փառատօնի մասնակից երգչախումբերն ու անհատ կատարողները, որոնք Երեւանի, Գիւմրիի, Վանաձորի եւ Էջմիածինի մէջ ելոյթներ ունեցած են բազմաթիւ բեմերու վրայ, փակման հանդիսաւոր ձեռնարկին ժամանակ հանդէս եկան կոմիտասեան կատարումներով:

Աշխարհի 9 երկիրներէ եւ Արցախէն ժամանած մասնակիցները հիացուցին հանդիսատեսը կոմիտասեան ինքնատիպ կատարումներով: Տպաւորիչ ելոյթ ունեցաւ Ասուքա Եոշիզաք` Ճափոնէն, որ հազարամեայ պատմութիւն ունեցող ճափոնական քոթօ նուագարանով կը նուագէր Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները: Աւստրիոյ ներկայացուցիչ Եուհէի Ծուչիտա կատարեց «Հով արէք սարեր ջան» երգը: Կատարումներով հանդէս եկան նաեւ Աննա Մայիլեան, Շահէ Քէշիշեան Սուրիայէն, Գէորգ Հաճեան Լիբանանէն, «Արարատ» երգչախումբը Իրանէն, «Օվսաննա» եւ «Նորահրաշ» երգչախումբերը Ռուսիայէն: Ձեռնարկին ելոյթ ունեցան նաեւ Հայաստանի պետական ազգային ակադեմական երգչախումբը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան հովանիին ներքեւ գործող Համահայկական պատանեկան սիմֆոնիք նուագախումբը:

Ձեռնարկին ժամանակ ներկայացուեցաւ Հայկ Սայատեանի` Կոմիտասին նուիրուած այլաբանական ժապաւէնը:

Հայ երգարուեստի խումբ մը նուիրեալներ իրենց վաստակին, ինչպէս նաեւ «Կոմիտաս վարդապետ» համահայկական փառատօնի կայացման նպաստելու համար Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան ոսկիէ մետալով պարգեւատրուեցան: Անոնց շարքին էր Հայաստանի պետական ազգային ակադեմական երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Յովհաննէս Չեքիճեան: «Կոմիտաս» մետալով պարգեւատրուեցան Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ Տիգրան Մանսուրեան, Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Սարգիս Նաճարեան, «Կոմիտաս վարդապետ» համահայկական փառատօնի ղեկավար Սամուէլ Հարոյեան, Կոմիտասի անուան երաժշտանոցի դասախօս Կարինէ Բրուտեան: Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան շնորհակալագիրներով պարգեւատրուեցան երաժշտանոցի նախագահ Շահէն Շահինեան, համահայկական պատանեկան սիմֆոնիք նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Էդուարդ Եսայեանց:

Փառատօնի մասնակից երգչախումբերուն եւ անհատ կատարողներուն տրուեցան մասնակցութեան հաւաստագիրներ եւ յուշանուէրներ:

 

Նախորդը

Հետզհետէ Ամրապնդուող Կայունութեան Մթնոլորտին Մէջ. Թրիփոլիի Ապահովութեան Ծրագիրին Գործադրութիւնը Ընթացք Առաւ

Յաջորդը

Տրապիզոնի Դատարանը Միջնորդած Է Միաւորելու Տինքի Սպանութեան Գործով Դատավարութիւնները

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.