
Չորեքշաբթիէն հինգշաբթի լուսցող գիշերուան նախապատրաստական միջոցառումներէն ետք, երէկ ընթացք առաւ Թրիփոլիի ապահովութեան ծրագիրի գործադրութիւնը եւ ներքին ապահովութեան ուժեր անցարգելներ հաստատեցին Թրիփոլիի զանազան շրջաններուն մէջ:
Այս մասին արտայայտուելով` ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ ապահովութեան այս ծրագիրը կը միտի Թրիփոլին պաշտպանել դուրսէն` կանխարգիլելով արտաքին կողմերէ ականուած ինքնաշարժներու մուտքը եւ հսկելով խափանարար արարքներու ձախողեցման: Նաեւ այս ծրագիրը կը միտի Թրիփոլին պաշտպանել ներսէն` կանխարգիլելով միջլիբանանեան հաւանական որեւէ բախումի առիթը:
Միւս կողմէ իմացուեցաւ, թէ գնդապետ-զօրավար Իպրահիմ Պասպուս ստորագրած է պահեստի յաւելեալ ապահովութեան ներքին ուժեր գործի լծելու հրամանագիր մը` օգնելու համար Թրիփոլիի կայունութեան ամրապնդման ճիգերուն:


