Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շեշտելով Լիբանանի Նկատմամբ Միջազգային Դրամատան Զօրակցութիւնը`. Ինկըր Անտըրսըն Այցելեց Երկրի Զանազան Վարիչներուն

October 4, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Անտըրսըն եւ նախագահ Սլէյման

Միջազգային դրամատան Միջին Արեւելքի, Ափրիկէի եւ Արեւմտեան Ասիոյ բաժանմունքներու համընդհանուր տնօրէն Ինկըր Անտըրսըն` ընկերակցութեամբ դրամատան Միջին Արեւելքի բաժանմունքի տնօրէն Ֆարիտ Պըլհաժի, երէկ այցելեց Լիբանանի զանազան վարիչներուն` վերահաստատելով Միջազգային դրամատան զօրակցութիւնը Լիբանանի ելեւմտական, տնտեսական թէ քաղաքական կայունութեան ու գերիշխանութեան, յատկապէս` սուրիացի գաղթականներու հոսքի ստեղծած պայմաններուն լոյսին տակ:

Այս ծիրին մէջ, Անտըրսըն եւ Պըլհաժ այցելեցին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի, որ խիստ բարձր գնահատեց Միջազգային դրամատան ճիգերը Լիբանանի օժանդակութեան գծով: Հանրապետութեան նախագահը յատուկ կերպով դրուատեց դրամատան արագ գործունէութիւնը` երեք շաբթուան մէջ պատրաստելով Լիբանանի յատուկ տեղեկագիրը: Իր կարգին, Անտըրսըն դրուատեց նախագահ Սլէյմանի ճիգերը` երկրին կայունութեան եւ ապահովութեան ամրապնդման գծով իր թափած ճիգերուն համար:

Մինչ այդ, Միջազգային դրամատան պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ տնտեսութեան նախարար Նիքոլա Նահհասի: Այս առիթով Անտըրսըն յստակացուց, որ Լիբանանի օժանդակութեան գծով նիւթական ներդրումները կը շարունակուին եւ այդ օժանդակութիւնը «պիտի կտրէ» քանի մը հանգրուաններ, նախքան լիբանանեան պատկան կողմերուն հասնիլը:

Անտըրսըն եւ վարչապետ Սալամ

Աւելի ուշ, Միջազգային դրամատան պատուիրակութիւնը տեսակցեցաւ նաեւ նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ: Քննարկուեցան շրջանի եւ Լիբանանի վերջին իրադարձութիւնները, շեշտը դրուեցաւ Լիբանանի օժանդակութեան անհրաժեշտութեան վրայ:

Միւս կողմէ, ընկերային հարցերու նախարարի գործակատար Ուաէլ Ապու Ֆաուր յոռետեսութեամբ արտայայտուեցաւ այս հարցին գծով` նշելով, որ դրական արդիւնքներ չի սպասեր Նիւ Եորքի նիստերէն եւ հանդիպումներէն: «Շատ խօսք կայ, շատ գործ կայ, բայց անհրաժեշտ յանձնառութիւնը չկայ», ընդգծեց Ապու Ֆաուր` պատկան կողմերէն պահանջելով աւելի արագ եւ գործնական ըլլալ իրենց ճիգերուն մէջ: Յատկապէս լիբանանեան դիւանագիտական կազմերուն ուղղելով իր խօսքը` Ապու Ֆաուր պահանջեց սերտացնել իրենց արտաքին հաղորդակցութիւնները եւ ճշդել այս գծով գործունէութեան հոլովոյթի մը նախագիծը: Ապու Ֆաուր ահազանգ հնչեցուց այս հարցին բարդացման եւ ժխտական հետեւանքներուն գծով` պահանջելով անհրաժեշտ եւ գործնական միջոցառումներու ձեռնարկել:

Խորհրդարանի մարդկային իրաւանց յանձնախումբը իր կարգին Նըժմէի հրապարակի իր կեդրոնին մէջ քննարկեց սուրիացի գաղթականներու հարցը` պահանջելով այս գծով յատուկ ծրագիրի մը որդեգրումը:

 

Նախորդը

Անյայտ Կորսուած Արկածահարներու Փնտռտուքի Ջանքերուն Զուգահեռ. Ինտոնեզիոյ Նաւամոյն Ու Փրկուած Լիբանանցիներու Տունդարձին Գծով Ճիգերը Կը Շարունակուին

Յաջորդը

ՀՅԴ-ն Փոփոխութիւն Կ՛առաջարկէ «Դատախազութեան Մասին» Օրէնքին Մէջ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.