
«Զօր. Միշել Աուն պիտի չլքէ ղեկավարի իր դիրքը ոչ միայն իբրեւ պատասխանատու, այլ նկատի ունենալով անոր քրիստոնէական ներկայացուցչութիւնը», յայտարարեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան` ընդգծելով, որ «էական մարտահրաւէրները զօր. Միշել Աունի համար` այս հոսանքի գոյատեւումն է իրմէ ետք»:
«Մակազին»-ի եւ «Ուսպուհ Արապի»-ի հետ ունեցած այսօր լոյս տեսնող հարցազրոյցին ընթացքին, երեսփոխան Քանաան դիտել տուաւ, թէ ինչ տարազներ, որ առաջարկուին` 8-8-8 թէ 9-9-6, կառավարութիւնը պիտի չկազմուի, որովհետեւ այս գծով կանաչ լոյս չէ տրուած տակաւին:
«Մենք կը մերժենք նախագահ Սլէյմանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը եւ կը զօրակցինք ընտրութեան մը, որ յանգի կարող նախագահի մը, որ կարենայ բարելաւել հանրապետութեան նախագահին դիրքն ու դերը եւ ներկայութիւն ըլլայ:
Միւս կողմէ, Քանաան ըսաւ. «Լիբանանի նկատմամբ ոճիր կը գործէ ան, որ կը գիտակցի սուրիացի գաղթականներուն ստեղծած տագնապին եւ այսուհանդերձ կը մերժէ փակել սահմանները»:
Քանաան հերքեց, որ Միշէլ Աուն – Սլէյման Ֆրենժիէ տարակարծութիւնը կրնայ «սառոյց» յառաջացնել երկկողմանի յարաբերութեանց մէջ:


