Երկրագործական հետազօտութեանց ընդհանուր տնօրէն դոկտ. Միշել Աֆրամ երէկ հերքեց ցուրտ ու աննախընթաց ձմրան մը մասին ահազանգի լուրերը` նշելով, որ ներկայիս կարելի չէ որոշել այդ մէկը:
Նմանապէս, ան հերքեց, թէ Ատհայի տօնը ցուրտ եւ անձրեւոտ պիտի ըլայ Լիբանանի մէջ:


