Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Իրանը Իր Արարքներէն Պիտի Դատենք» Կ՛ըսէ Քերրի

October 4, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ճոն Քերրի

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի Թոքիոյի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ իր հիւլէական ծրագիրին վերաբերեալ թափանցիկութիւն որդեգրելու Իրանի խոստումներուն պիտի չնայի, այլ` արարքներուն:

«Նեթանիահուի եւ Իսրայէլի ժողովուրդին կը վստահեցնեմ, որ ոչինչ պիտի ընենք` հիմնուելով վստահութեան վրայ: Ատիկա հիմնուած պիտի ըլլայ շարք մը քայլերու վրայ` յաչս բոլորիս երաշխաւորելու համար, թէ տեղի ունեցողէն վստահ ենք», ըսաւ ան:

Նշենք, որ Նեթանիահու ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ յայտնած էր, որ Իսրայէլ պատրաստ է հիւլէական զէնք ձեռք բերելու համար Իրանի արգելք հանդիսանալու համար առանձին գործելու: «Իսրայէլ Իրանին պիտի չարտօնէ հիւլէական զէնքի տիրանալ: Եթէ Իսրայէլ ստիպուի ատոր առանձին դէմ կանգնիլ, ապա առանձին դէմ պիտի կանգնի», ըսած էր Նեթանիահու:

Քերրի Իսրայէլի մտավախութիւնները փարատելու նպատակով յայտնեց, որ ամերիկեան վարչակազմին մէջ ոչ ոք նախագահ Հասան Ռուհանիի օրով Իրանի որդեգրելիք նոր ոճէն պիտի տարուի: «Մենք այս հարցին շատ, շատ ուշադիր կերպով պիտի նայինք: Կը յուսանք, որ յաջողի, որովհետեւ կը կարծենք, որ աշխարհի, Միջին Արեւելքի, Իրանի եւ Իսրայէլի համար աւելի լաւ պիտի ըլլայ, եթէ Իրանի մէջ զէնքերու արտադրութեան համար հիւլէական ծրագիրի մը ստուգուած եւ հաստատ ջնջումի ձեւ մը ըլլայ», նշեց Քերրի` աւելցնելով, որ «յառաջիկայ քանի մը շաբաթներուն եւ ամիսներուն ընթացքին, ոչ երկարատեւ ժամանակով, կարճ ժամանակի համար մեր դիմագրաւած քննութիւնը ճշդելն է, թէ Իրանի մտադրութիւնը իրողութեան մէջ այդ է»:

Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանի յայտնեց, որ «Իրանի մէջ իւրանիոմի հարստացումը Ամերիկայի համամտութեան կարիքը չունի»:

Ան Իրանի խորհրդարանի եւ կառավարութեան միացեալ ժողովին ընթացքին ողջունեց Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի Նիւ Եորք այցելութեան արդիւնքները:

Լարիժանի ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին առջեւ Ռուհանիի արտասանած խօսքին անդրադառնալով ըսաւ, որ անիկա «լաւապէս սերտուած էր, եւ անոր մէջ Ռուհանի լաւապէս պաշտպանեց իրանեան ազգային շահերը»:

«(Իւրանիոմի) հարստացման հարցը Ամերիկայի եւ ուրիշներուն հաւանութեան կարիքը չունի, այլ վճիռի, որովհետեւ հարստացումը արդէն կայ եւ զայն հասկնալու համար մեծ ջանք թափելու կարիք չկայ», ըսաւ Լարիժանի:

Նախորդը

Ուաշինկթըն Մոսկուայէն Պահանջած Է Կազմաքանդել Վրաստանի Սահմանին Մօտ Կառուցուող Պատնէշները

Յաջորդը

Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հարցով Փութին-Օպամա Հանդիպում Մը Կրնայ Տեղի Ունենալ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.