Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ինչպէս Ակրատը Առողջ Ուտելիքի Վերածել

October 3, 2013
| Առողջապահական - Բժշկագիտական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՔԱՐԼԱ ԵԱՐՏԸՄԵԱՆ

Շատ են ու զանազան ճաշարաններն ու սրճարանները, որոնք ակրատի (սենտուիչ) տարբեր տեսակներ կը վաճառեն:

Շատերու կարծիքով, ակրատի տեսակները առողջապահական չեն: Այս կարծիքը ունեցողներուն իբրեւ պատասխան` կրնանք ըսել, թէ ակրատին առողջապահական ըլլալը կամ չըլլալը կախեալ է անոր բովանդակութենէն:

Շուկան պատրաստուած ակրատներէն կրնանք օրինակ տալ հետեւեալը` թոն ձուկի ակրատ, ուր թէեւ հազար կամ այլ կանաչեղէն կը գտնենք, սակայն թոնը խեղդուած կ՛ըլլայ մայոնեզի մէջ, որ վնասակար է: Այլ օրինակ մը կրնայ ըլլալ ճարպոտ պանիրի ակրատը: Այս օրինակները շատ հեռու են «առողջ սնունդ»-ի կամ «ամբողջական սնունդ»-ի գաղափարէն, եւ անոնք բաւարար չեն մեզ կուշտ պահելու համար: Զանոնք սպառելէն մէկ-երկու ժամ ետք անօթի կը զգանք եւ կը վազենք քաղցրեղէն մը կամ տուրմ մը ուտելու: Կայ նաեւ այն հաւանականութիւնը, որ ակրատին ընկերակցի զովացուցիչ մը, որ յաւելեալ պատճառ մը կը դառնայ քալորիներու քանակի բարձրացման եւ դժուարամարսութեան եւ այս բոլորին պատճառով միայն քանի մը շաբթուան ընթացքին կշիռքին սլաքը կը սկսի «խենթենալ»:

Այս բոլորը կը պատահին, որովհետեւ առիթը չենք ունենար ընտրելու ակրատի բաղադրութիւնը, հետեւաբար տունը պատրաստուած ակրատը միշտ նախընտրելի է շուկայէն գնուած ակրատէն, քանի որ տեղեակ կ՛ըլլանք անոր ամբողջական բաղադրութենէն: Տունը կրնանք պատրաստել ակրատը եւ մեզի հետ տանիլ, ուր որ կ՛ուզենք: Այս ձեւով մենք որոշած կ՛ըլլանք անոր բաղադրութիւնը, անոր քանակը, տեսակը, թացանին թանձրութիւնը եւ այլն:

Ակրատի հացի ամէնէն օգտակար եւ լաւ տեսակը ցորենի ամբողջական հունտով պատրաստուած հացն է` «սեւ» հացը, որ նախընտրելի է ճերմակէն: Հեռու մնանք նաեւ սպունգի նման հացերէն, որոնք ընդհանրապէս կաթով կամ կարագով պատրաստուած կ՛ըլլան եւ կը պարունակեն շաքարի եւ ճարպի ոչ օգտակար տեսակներ: «Սեւ» հացը կամ ցորենի ամբողջական հունտով պատրաստուած հացը հարուստ է բնաթելերով եւ շաքարի քանակը (Glycemic Index) քիչ է, հետեւաբար կուշտ կը պահէ:

Հացին առողջապահական ըլլալը բաւարար չէ, ակրատի միջուկին բաղադրութիւնը նաեւ պէտք է ըլլայ առողջապահական եւ սննդարար, մասնաւորաբար օժտուած պէտք է ըլլայ հիմնական բնասպիտի` փրոթէինի տեսակներով, օրինակ` հնդկահաւի միսով, հաւով, թոն ձուկով, հաւկիթով: Պիտի չմոռնանք բանջարեղէնը` հում թէ եփած եւ նոյնիսկ թթուաշ: Իսկ ինչ կը վերաբերի  թացանին, նախընտրելի է գործածել ձիթապտուղի կամ ընկոյզի իւղը կամ ձէթը, լոլիկի թեթեւ թացանը, մանանեխը (mustard)` փոխան մայոնեզի: Կարելի է անոնց վրայ աւելցնել առանց իւղի ճերմակ պանիր եւ, ինչո՛ւ չէ, խաշած մէկ հաւկիթի դեղնուց: Քանի մը հատ ձիթապտուղ աւելցնելով` կը համեմուի մեր ակրատը, ինչպէս նաեւ բաւարար չափով մեզի կու տայ սննդարար ամինօ ասիտ: Սակայն պէտք չէ չափազանցենք անոնց քանակը, որովհետեւ կը բարձրանայ նաեւ քալորիներու քանակը:

Պէտք չէ մոռնալ մեր ճաշը ամբողջացնել հատ մը թարմ պտուղով եւ քիչ մը ջուրով եւ, ինչո՛ւ չէ, գաւաթ մը թարմ պտուղի հիւթով:

 

 

Նախորդը

Գաղութէ-Գաղութ

Յաջորդը

Միջին Ականջի Հիւանդութիւններ

RelatedPosts

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն

March 14, 2025
Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Կապիկի Ծաղկախտ-Monkeypox

August 19, 2024
Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

July 11, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.