Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԶՕՐ. ԱՈՒՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՄԼԻԹԱՅԻ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆ

June 13, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Զօր. Աուն շրջապատուած Հըզպալլայի պատասխանատուներով` Մլիթայի թանգարանին մէջ

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան  զօր. Միշել Աուն շաբաթավերջին այցելեց Մլիթայի զինուորական թանգարանը, որ հիմնուած է Հըզպալլայի կողմէ:

Մլիթայի մէջ զօր. Աուն ընդունուեցաւ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի եւ Հըզպալլայի այլ պատասխանատուներու կողմէ:

Զօր. Աուն շրջագայեցաւ թանգարանին մէջ` բացատրութիւններ լսելով եւ վկայելով Դիմադրութեան մարտիկներու սխրագործութիւնները:

Թանգարանի սրահին մէջ զօր. Աուն իր արտասանած խօսքին մէջ արժեւորեց Դիմադրութեան սխրագործութիւնները եւ վեր առաւ անոր ազգային նուաճումները` ընդգծելով, որ ինչպէս Իսրայէլի դաւադրութիւնները ձախողեցուցած են, նոյնպէս ալ պիտի ձախողեցնեն դաւադրութիւնները Միացեալ Նահանգներուն, որոնք տարբեր ձեւերով միջամուխ կ՛ըլլան լիբանանեան եւ շրջանային ներքին հարցերուն:

Զօր. Աուն նկատել տուաւ, որ Սուրիոյ վկայած այսօրուան միջադէպերը եւ վերջին հանգրուանին արաբական աշխարհին մէջ ընդհանրապէս պատահած իրադարձութիւնները հարուածներ են արաբ ժողովուրդին եւ կը միտին տկարացնել արաբական միասնականութիւնը` հիմնական նպատակ ունենալով արաբեւիսրայէլեան տագնապը վերածել միջարաբական տագնապի:

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահը շեշտեց, որ իրենք ներկայիս շատ զօրաւոր են` աւելցնելով, որ պիտի կարենան շրջանցել քաղաքական տարակարծութիւնները եւ վերջ տալ իրենց դիմագրաւած քաղաքական տագնապին: Ան նշեց նաեւ, որ Լիբանան փայլուն ապագայ մը պիտի ունենայ` ընդգծելով միաժամանակ, որ երկրին մէջ համայնքային, յարանուանական թէ քաղաքացիական պատերազմ պիտի չբռնկի:

Այցելութեան աւարտին Ռաատ զօր. Աունին նուիրեց յուշանուէր մը, որ կը պարունակէր 2006-ի իսրայէլեան պատերազմին ընթացքին Դիմադրութեան կողմէ վար առնուած իսրայէլեան ուղղաթիռէն բեկորներ:

Նախորդը

ԻՆՉՈ՞Ւ ՀԱՐԻՐԻ ԼԻԲԱՆԱՆԷՆ ԴՈՒՐՍ ԿԸ ԳՏՆՈՒԻ

Յաջորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՊԱՏԻՆ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.