Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (2 Հոկտեմբեր 1963)

October 2, 2013
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ Դպրոցին Դերը

Անիմաստ եւ անխորհուրդ չէ այն իրողութիւնը, որ հոն, ուր հայ մարդը եկեղեցի շինած է, ճիշդ կողքին ալ կառուցած է հայ դպրոց եւ հայ դպրութեան ուսումնարան:

Ճշմարտութենէն շեղած չենք ըլլար` ըսելով, թէ այսպէս ըրած է հայ մարդը, որովհետեւ միշտ ալ համոզուած եղած է, որ որքան եկեղեցի եւ կրօն, նոյնքան եւ աւելի ալ դպրոց ու դպրութիւն առաքելութիւն մը կը ներկայացնեն:

Բաւարար պիտի չըլլար բնաւ, եթէ ըսէինք, թէ եկեղեցին ծառայած է, որ պահպանենք լոկ հաւատամք մը: Հարկ է աւելցնել գերակշիռ կարեւորութիւն ներկայացնող ածական մը: Եկեղեցին ծառայած է, որ պահպանենք մեր ազգային հաւատամքը:

Նոյն ածականը կը վերաբերի նաեւ հայ դպրոցին: Ան ծառայած է, որպէսզի պահպանուին մեր ազգային ուսումը, դպրութիւնը, մշակոյթը:

Կարելի՞ է հաւատալ, որ հայ պատանին խորշի կրթութենէն, դպրոցէն եւ ուսումէն: Ընդհանրացած համոզումը այն է, որ հայ պատանին միշտ ալ եղած է ուսումնատենչ եւ գիտութիւն ամբարելու ծարաւով համակուած:

Եւ սակայն եղած է պատմաշրջան մը, երբ այս նոյն պատանին խոյս տուած է դպրոցէն, փախած է իր ուսուցիչներէն, եւ հակառակ այս վերջիններու բոլոր ջանքերուն` մերժած է անոնցմէ որեւէ բան սորվիլ:

Ե՞րբ եւ ինչո՞ւ պարզուած է նման անօրինակ երեւոյթ:

Այսպէս եղած է հայ գիրերու գիւտէն անմիջապէս առաջ: Այսպէս եղած է վկայութեամբը Փաւստոսի եւ Փարպեցիի:

Այս իրողութեան անտեղեակ չէր Մեծ Հայը, ան, որ յեղաշրջեց ու կերպարանափոխեց մեր մշակո՛յթն ալ, պատմութի՛ւնն ալ, ճակատագի՛րն ալ: Արդարեւ, Ղազար Փարպեցի անկեղծ յուզումով կը պատմէ, թէ ինչպէս կը տառապէր Վարպետը:

«Երանելին Մաշտոց, հոգերու մէջ ընկղմած, շարունակ կը տրտմէր` տեսնելով մեր Հայաստան աշխարհի պատանիներու մեծամեծ ջանքերը: Անոնք ահագին ծախսերու կ՛ենթարկուէին, երկար ճանապարհներ կը կտրէին եւ իրենց օրերը կը մաշէին ասորի գիտութեան դպրոցներու մէջ», ուր սակայն, եւ այս անգամ վկայութեամբը Փաւստոսի, «ոչ մէկ խօսք, ոչ իսկ կէս խօսք կրնային պահել իրենց մտքին մէջ բոլոր իրենց լսածներէն»:

Այսպէս էր, որովհետեւ հայ պատանիին խորթ էր օտար լեզուն, խորթ էր օտար դպրութիւնը, խորթ էր օտար մշակոյթը, խորթ էր այն ամէնը, որուն իմացական ու զգացական հիմերը հայկական ու հայեցի չըլլալով` անըմբռնելի եւ անհարազատ կը մնային իրեն:

Եւ դպրոց յաճախող հայ աշակերտներու այս վերաբերումը պատճառ կը հանդիսանար, որ ուսուցիչները հոգւոց հանեն ու հառաչեն` զղջալով իրենց ապարդիւն ջանքերուն համար:

Անհնար ու անկարելի էր, որ ի տես այս անասելի ողբերգութեան` անտարբեր մնար Մեծ Հայը: «Երկար ժամանակ իր մտածողութեան առարկայ դարձնելով» այս տխուր իրողութիւնը` «Երանելին Մաշտոց կը փղձկար ինքն իր մէջ»:

Որքա՜ն խօսած ու գրած ենք գիրերու գիւտին կարեւորութեան մասին:

Թերեւս վրիպած է մեր ուշադրութենէն, որ այդ գիւտին անմիջական ու գործնական արդիւնքը եղաւ կոթողումը Հայ Դպրոցին ու Դպրութեան:

Պատմական փաստը այն է, որ գիրերու գիւտէն ետք, նոյն այդ հայ պատանին, որ փախուստ կու տայ դպրոցէն, որ կը խորշէր դպրութենէ, որ անծայր յուսահատութիւն կը պատճառէր իր ուսուցիչներուն, այժմ խուժեց ՀԱՅ դպրոց` ուսումնատենչ անյագ ծարաւով մը համակուած:

Ըստ Կորիւն Սքանչելիի, դէպի նոր հայ դպրոցները «յորդեալք ու դրդեալք հասանէին» անվերջ շարքերը հայ աշակերտութեան:

Եւ հայ ազգի մեծ ուսուցիչները, ի տես այս յորդառատ եւ ուսումնապաշտ պատանիներուն, կը ժողվեն «ընտրեալ, ուժեղ, քաջասուն, փափկաձայն եւ երկարոգի» աշակերտներ ու զանոնք կը բաժնեն ըստ դասարանի:

Բայց ի՞նչ էր պատահածը. փակուած էին օտար դպրոցները եւ բացուած էին ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ դպրոցները: Ղազար Փարպեցիի որակումով` վերջ տրուած էր «խաւար»-ին, եւ տեղը այժմ «լոյս» էր հաստատուած:

Անշուշտ լոյս եղած պիտի ըլլար նաեւ ասորի դպրոցներուն մէջ, գիրերու գիւտէն առաջ: Սակայն ատիկա հայ պատանիին որոնած ու ցանկացածը չէր բնաւ:

Նաեւ գիրերու գիւտէն ետք, դարեր շարունակ, ուսումնատենչ հայ պատանին իր իմացական ու հոգեկան պահանջները կրցաւ բաւարարել նա՛խ հայ դպրոցի մէջ:

Սեպտեմբեր ամիսը իր առանձին տեղը ունի արդի Հայ Դպրութեան պատմութեան մէջ: Արդարեւ, 1704 սեպտեմբեր 8-ին հիմնուած է Մխիթարեան միաբանութիւնը Պոլսոյ մէջ, 1886 սեպտեմբեր 13-ին, համաձայն Ներսէս Վարժապետեանի ծրագրին, Պոլսոյ մէջ բացուած է Կեդրոնական վարժարանը, 1847 սեպտեմբեր 17-ին, երեսի վրայ մնացած Թիֆլիսի Ներսիսեան վարժարանը վերաբացուած է Աշտարակեցիի ջանքերով. 1882 վերջաւորութեան հիմնուած է Կարնոյ Սանասարեան վարժարանը:

Վերահաստատեցին Մեծ Հայու հաւատքը, որ մեր քաղաքական անկախութեան նախապայմանը ազգային դպրութեան, մշակոյթի եւ ստեղծագործութեան անկախութիւնն է:

«ՅՈՒՍԱԲԵՐ»

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

«Ազդակ»` Ութսունվեց Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Այնճարի Սուրբ Պօղոս Եկեղեցւոյ Հիմնարկէքի Եւ Հիմնօրհնէքի Արարողութիւնները

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.