Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԱԿ-ի Ամպիոնէն Արտասանելով Հայաստանի Խօսքը`. Նալբանդեան Անդրադարձաւ Սուրիոյ Տագնապին, Հայոց Ցեղասպանութեան Եւ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին

October 1, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 28 սեպտեմբերին ելոյթ ունեցաւ ՄԱԿևի Ընդհանուր ժողովի 68-րդ նստաշրջանին ընթացքին:

Իր խօսքին ներածական հատուածը սկսելով ֆրանսերէնով, նախարար Նալբանդեան այնուհետեւ անգլերէնով շարունակեց` անդրադառնալով ղարաբաղեան տագնապին, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին եւ սուրիական տագնապին:

«Հակառակ այն փաստին, որ մեզմէ շատերը կը հասկնան, որ բռնութեան եւ ահաբեկչութեան բացառումը խիստ կարեւոր է խաղաղ, կայուն եւ զարգացող հասարակութիւն կառուցելու համար, այնուամենայնիւ աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ ատիկա կը շարունակէ անհասկնալի երեւոյթ մնալ», յայտարարեց Նալբանդեան:

Նախարար Նալբանդեան ընդգծեց, որ Հայաստան կը շարունակէ տագնապիլ Սուրիոյ մարդկային իրավիճակի վատթարացումէն: Ըստ անոր, գաղթականներու հոսքը Սուրիայէն Հայաստան կը շարունակուի եւ արդէն անցած է 10 հազարի սահմանը: Նախարար Նալբանդեան նշեց, որ տասնեակ հազարաւոր սուրիահայեր կը շարունակեն մնալ այդ երկրին մէջ, որ իրենց երկրորդ հայրենիքը դարձած է 1915 թուականի ցեղասպանութենէն ետք, եւ անտանելի պայմաններու մէջ անոնք կը պայքարին իրենց գոյատեւման համար` իրենց սուրիացի համերկրացիներուն հետ:

Նալբանդեան ըսաւ, որ Հայաստան կ՛ողջունէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ընդունած բանաձեւը, որ հիմնուած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի համաձայնութեան վրայ: Ան յոյս յայտնեց, որ ատիկա յանգեցնէ սուրիական տագնապի խաղաղ լուծման:

Նալբանդեան նաեւ ընդգծեց, որ բոլոր տագնապները խաղաղ լուծում պէտք է ունենան:

«Մենք համոզուած ենք, որ այլընտրանք չկայ տագնապներու խաղաղ լուծման եւ անոր համար անհրաժեշտ է քաղաքական կամք եւ վճռականութիւն: Երեք ամիս առաջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու նախագահները նոր յայտարարութիւն մը տարածեցին Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ` Էնիսքիլենի մէջ Ութերու խմբակի վեհաժողովին ընթացքին: Հայաստանի մէջ մենք յայտարարութիւնը ողջունեցինք` ըսելով, որ եռանախագահներուն նման մենք պիտի շարունակենք վստահ ըլլալ, որ վերջին 5 տարիներուն ընթացքին եռանախագահ երկիրներու ղեկավարներու միացեալ յայտարարութիւններուն մէջ ամրագրուած դրոյթները կրնան հիմք հանդիսանալ տագնապի արդար եւ տեւական խաղաղ լուծման համար», յայտարարեց Նալբանդեան: Ան աւելցուց, որ Հայաստան կը կիսէ համանախագահներուն այն կարծիքը, որ այդ դրոյթները կրնան դիտարկուիլ իբրեւ մէկ ամբողջութիւն եւ անոնցմէ որեւէ մէկուն գերակայութիւն տալու փորձերը անկարելի կը դարձնեն տագնապի լուծումը:

«Մենք բացարձակօրէն համակարծիք ենք, որ ժողովուրդները պէտք է նախապատրաստել խաղաղութեան եւ ոչ թէ պատերազմի: Դժբախտաբար, Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը հակառակը կ՛ընէ` ամէն օր աւելցնելով հակահայ հռետորաբարութիւնը, անոր համար օգտագործելով նոյնիսկ ՄԱԿ-ի բարձրագոյն ամպիոնը: Մենք համաձայն ենք համանախագահ երկիրներուն հետ, որ ուժի օգտագործումը չի լուծեր տագնապը եւ միայն բանակցային ճամբով լուծումը կրնայ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն բերել, մինչդեռ Ազրպէյճան յարձակողական սպառազինութիւններու զանգուածային կուտակումով լրջօրէն կը վտանգէ շրջանային եւ միջազգային ապահովութիւնը», ընդգծեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը: Ըստ Նալբանդեանի, Ազրպէյճանի բաղդատմամբ` Հայաստան անգամ մը եւս կը հաստատէ իր հաւատարմութիւնը միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն, մասնաւորաբար` ուժ եւ ուժի սպառնալիք չօգտագործելու, ժողովուրդներու ինքնորոշման եւ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքներու հաւասարութեան:

Էդուարդ Նալբանդեան իր խօսքին մէջ նաեւ նշեց, որ Ազրպէյճան չի պահպաներ զինադադարը եւ կ՛աւելցնէ իր յարձակողական ու զինուորական գործողութիւնները ե՛ւ Ղարաբաղի, ե՛ւ Հայաստանի նկատմամբ` օգտագործելով տխրահռչակ ահաբեկչական խումբերու հետ առնչուած վարձկաններ:

Նախարար Նալբանդեան նաեւ յայտարարեց, որ հակառակ անոր, որ Ազրպէյճան կը փորձէ ցոյց տալ, որ միջազգային հանրութիւնը իր տեսակէտը կը կիսէ եւ ինքն ալ կը կիսէ միջազգային հանրութեան մօտեցումները, սակայն իրականութեան մէջ Ազրպէյճան շարունակաբար կը մերժէ միջնորդներուն բոլոր առաջարկները, աւելի՛ն` պարբերաբար սադրանքներ կը հրահրէ շփման գիծին վրայ:

«Նախորդ նստաշրջանին ընթացքին ես խօսեցայ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ մարդասպան Սաֆարովի ազատ արձակման ու հերոսացման մասին, որ խստօրէն դատապարտուեցաւ միջազգային հանրութեան կողմէ, սակայն նոյնիսկ այսօր` այդ դէպքէն տարի մը ետք, Ազրպէյճանի իշխանութիւնները կը շարունակեն յայտարարել, որ այն, ինչ որ իրենք կատարած են, շատ լաւ է եւ նոյնիսկ կը համարձակին քննադատել միջազգային հանրութիւնը: Ասիկա յստակօրէն ցոյց կու տայ, որ լաւի եւ վատի մասին Ազրպէյճանի ղեկավարութեան եւ միջազգային հանրութեան պատկերացումներուն տարբերութիւնը հետզհետէ կը խորանայ», յայտարարեց Նալբանդեան:

Նալբանդեան իր խօսքին մէջ նշեց նաեւ ազրպէյճանցի գրող Աքրամ Այլիսլիի դէմ պետական մակարդակով կազմակերպուած հալածանքները` միայն այն պատճառով, որ ան իր գիրքին մէջ անդրադարձած էր Պաքուի եւ Սումկայիթի մէջ հայերու ջարդերուն: Նալբանդեան յայտարարեց, որ Այլիսլիի գիրքերը հրապարակաւ այրեցին, իսկ գրողը ստիպուած եղաւ լքելու երկիրը մահուան սպառնալիքներու պատճառով:

Նալբանդեան նկատել տուաւ, որ հակառակ Ազրպէյճանի ոչ կառուցողական մօտեցման` Հայաստան կը շարունակէ իր ջանքերը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին բացառապէս խաղաղ ճամբով եւ միջազգային սկզբունքներուն եւ չափանիշերուն համաձայն լուծման ուղղութեամբ:

 

 

Նախորդը

Ազգային Էութեան Մասին

Յաջորդը

«Համաներումը Կարեւոր Է Հայաստանի Համար» Կ՛ըսէ Աղուան Վարդանեան

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.