
Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ դեսպան Անժելինա Էխհորեսթ երէկ Լիբանանի մօտ Բրիտանական մշակութային խորհուրդի տնօրէն Օնիս Քրուքի հետ ստորագրեց 1.3 միլիոն եւրոյի համաձայնագիր մը` առ ի օժանդակութիւն աշակերտներու բրիտանական կրթական ուղեգիծի մէջ համարկման:
Այս առիթով Էխհորեսթ դրուատեց կրթութեան նախարարութեան ճիգերը` ընդգծելով, որ Եւրոպական Միութիւնը պիտի շարունակէ Լիբանանի իր զօրակցութիւնը:


