Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ան Որ Քաղաքական Լուծում Մը Կ՛ուզէ, Պէտք Է Առանց Նախապայմանի Ժընեւ Ուղղուի» Ըսաւ Մոալլեմ

October 1, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ուալիտ Մոալլեմ

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ երէկ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 68-րդ նստաշրջանին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ վերահաստատեց, որ Սուրիա ամբողջական կերպով յանձնառու կը մնայ քիմիական զէնքերու տարածման արգիլման  համաձայնութեան եւ Սուրիա քիմիական զէնքի որեւէ օգտագործման դէմ է:

Ան ըսաւ, որ Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմ գոյութիւն չունի, այլ ահաբեկչութեան դէմ պատերազմ` աւելցնելով, որ կարգ մը պետութիւններ ահաբեկչութեան դէմ պատերազմ շղթայազերծեցին, հակառակ անոր որ այսօր Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան կ՛աջակցին:

«Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան աջակցութեան լոյսին տակ քաղաքական փոփոխութեան մասին որեւէ խօսք խաբէութիւն է», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «ահաբեկչութեան դէմ պատերազմը միայն Սուրիոյ պատերազմը չէ»:

«Ան որ քաղաքական լուծում մը կ՛ուզէ, պէտք է առանց նախապայմանի Ժընեւ ուղղուի», ըսաւ սուրիական դիւանագիտութեան պետը` աւելցնելով, որ «սուրիացի ժողովուրդը իր քաղաքական հարցերուն մէջ արտաքին միջամտութիւնը կը մերժէ»:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ նախապէս «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին մերժած էր, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ապագան «Ժընեւ-2»-ի ընթացքին ճշդուի` նշելով, որ ատիկա սուրիական սահմանադրութիւնը կ՛որոշէ:

Մոալլեմ վստահեցուցած էր, որ Ասատ մտադիր է իր նախագահական ներկայ նստաշրջանը աւարտել եւ 2014-ին դարձեալ թեկնածու ներկայանալ:

Ֆապիւս «Ժընեւ-2»-ին Եւրոպական Պետութեանց
Մասնակցութիւնը Կը Յայտարարէ

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս յայտարարեց, որ եւրոպական կարգ մը պետութիւններ պիտի մասնակցին «Ժընեւ-2» միջազգային խորհրդաժողովին:

«Ֆրանս Ինթեր» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին Ֆապիւս յայտնեց, որ «Պաշշար Ասատ ուզածը կ՛ըսէ: Աւելի քան հարիւր հազար զոհերու պատասխանատուութեան եւ կազով իր ժողովուրդէն 1500 մարդ սպաննելուն համար զինք պէտք է իբրեւ մարդկութեան դէմ ոճիր գործած անձ հաշուետուութեան կանչել»:

Ֆրանսական դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ «Ժընեւ-2»-ի ընթացքին պէտք է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի հինգ մնայուն անդամներու եւ թերեւս ուրիշներու ներկայութեամբ քննարկում կատարել ու համաձայնութիւն գոյացնել Սուրիոյ մէջ փոխանցման կառավարութեան մը շուրջ, որ փոքրամասնութիւնները կը յարգէ եւ միասնակամ կ՛ըլլայ:

Ֆապիւս նշեց, որ ինք առաջարկած է, որ խորհրդաժողովին Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ կողքին մասնակցին նաեւ Ապահովութեան խորհուրդի մնացեալ մնայուն անդամները, այսինքն` Չինաստանը, Ֆրանսան եւ Բրիտանիան, եւ այդ առաջարկը ընդունուած է:

«Ժընեւ-2»-ի մէջ կ՛ուզենք վարչակարգի եւ չափաւորական ընդդիմութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ լուծում մը գտնել, որպէսզի ահաբեկիչները, ծայրայեղականներն ու Քայիտան չօգտուին», ըսաւ Ֆապիւս` աւելցնելով, որ «չափաւորականները ընդդիմութեան 80 առ հարիւրը կը կազմեն, իսկ ծայրայեղականները` 20 առ հարիւրը»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու Ժընեւի մէջ ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց յանձնախումբի նիստին առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ շեշտեց, որ Սուրիոյ քիմիական զէնքերուն վերաբերեալ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումը վարչակարգի ձեռամբ այդ մարդկային աղէտին կրկնութիւնը պիտի չարգիլէ, ուստի պէտք է վարչակարգին արգելք հանդիսանալ, որ բռնարարքներ գործէ, ինչպէս նաեւ Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ յստակ քայլեր պէտք է ձեռնարկուին` աւելցնելով, որ Սուրիոյ մէջ հարիւր հազարաւորներ քիմիական զէնքերով չսպաննուեցան:

Նախորդը

Թուրքիոյ Խորհրդարանը Այսօր Էրտողանի «Ժողովրդավարական Թղթածրար»-Ին Շուրջ Քուէարկութիւն Կը Կատարէ

Յաջորդը

Ազրպէյճան Այսօր Կը Ստանձնէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի Նախագահութիւնը

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.