Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Խորհրդարանը Այսօր Էրտողանի «Ժողովրդավարական Թղթածրար»-Ին Շուրջ Քուէարկութիւն Կը Կատարէ

October 1, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ներկայացուց իր առաջարկած «Ժողովրդավարական թղթածրար»-ին մանրամասնութիւնները:

Թուրքիոյ վարչապետը յայտնեց, որ պետական հաստատութիւններուն մէջ լաչակի դէմ հաստատուած արգելքը կը վերցուի: Բացառութիւն են դատաւորները, դատախազները, ոստիկաններն ու բանակի անդամները:

Թուրքիոյ անձնական դպրոցներու նախակրթարանի դասարաններուն մէջ այլ լեզուներով եւ բարբառներով կրթութիւնը կ՛արտօնուի: Քրտական Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութիւնը կը պահանջէր, որ պետական վարժարաններուն մէջ մայրենի լեզուով ուսուցումը երաշխաւորուած ըլլայ:

Էրտողան խոստացաւ, որ քրտերէնի մէջ օգտագործուող «q»,«w» եւ «x»-ի նման որոշ գիրերու օգտագործման դէմ հաստատուած տուգանքը պիտի ջնջէ:

Գիւղերու, մասնաւորաբար անոնց, որոնց անունները նախապէս թրքերէն չեն եղած, անուններուն դէմ օրինական արգելքները պիտի ջնջուին:

Ուսանողական երդումը, որ կը սկսի «ես թուրք եմ` արդար եւ ժրաջան» նախադասութեամբ, նախակրթարաններու մէջ այլեւս պիտի չկարդացուի:

Ալեւիները գոհացնելու քայլով մը Էրտողան ըսաւ, որ Կեդրոնական Անատոլուի Նեւշեհիր նահանգին մէջ գտնուող Նեւշեհիր համալսարանի անունը պիտի փոխուի Հաճը Պեքաշը Վելի համալսարանի` ի պատիւ Կապադովկիոյ եզրին գտնուող գիւղի մը մէջ ապրող եւ ալեւիներու կողմէ յարգուած սուրբի մը:

Էրտողան խոստացաւ, որ Մոր Կապրիէլ վանքի հողատարածքը պիտի վերադարձուի ասորի համայնքի հիմնարկին:

Ռոմա մշակոյթի եւ լեզուի հիմնարկ մը, ինչպէս նաեւ երկրին մէջ Ռոմա փոքրամասնութեան հարցերով զբաղող հիմնարկ մը եւս պիտի հաստատուի: «Նուիրատուութիւններ հաւաքելու դէմ հաստատուած սահմանափակումները պիտի վերցնենք», ըսաւ ան:

«Այս թղթածրարը առաջինը չէ եւ այսպիսի բարեփոխումներուն վերջինը պիտի չըլլայ», ըսաւ ան:

Վարչապետը նաեւ յայտնեց, որ կառավարութիւնը քաղաքական կուսակցութեանց պիտի արտօնէ նոյնիսկ ոչ ընտրական ժամանակներուն տարբեր լեզուներով ընտրական քարոզչութիւն կատարել: «Այլ փոփոխութեամբ մը, մենք նաեւ ճամբան կը հարթենք, որ քաղաքական կուսակցութիւններ համանախագահներ ունենան», ըսաւ ան: Նշենք, որ քրտական Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութիւնն ու շարք մը ձախակողմեան այլ կուսակցութիւններ արդէն իսկ համանախագահներու դրութիւնը կը կիրարկեն:

«Քաղաքական կուսակցութեանց անդամակցութեան արգելքները եւս նոր բարեփոխումի մը ճամբով պիտի վերցուին», ըսաւ ան:

Էրտողան յայտնեց, որ «խտրականութեան դէմ պայքարելու համար ատելութեան ոճիրներուն դէմ հաստատուած պատիժները մէկ տարիէն երեք տարուան պիտի բարձրացնենք»` աւելցնելով, որ ատելութեան ոճիրներու պատիժները, մասնաւորաբար անոնք, որոնք գործուած են կրօնական, ազգային կամ ցեղային հիմամբ, պիտի խստացուին: «Խտրականութեան դէմ պայքարի հիմնարկ մը պիտի հաստատենք», ըսաւ ան: Աւելի՛ն, կրօնական խմբաւորումներուն իրենց կրօնական արարողութիւնները կատարել արգիլողներուն դէմ պատիժներ պիտի սահմանուին:

Թուրքիոյ վարչապետը յայտնեց, որ հաւաքներու եւ ցոյցերու վերաբերեալ կանոնները պիտի մեղմացուին, որպէսզի հաւաքի ազատութիւնը աւելնայ: Ցոյցերուն արտօնեալ ժամանակամիջոցը փոխան նախապէս հաստատուած մայրամուտին պիտի երկարաձգուի մինչեւ կէս գիշեր:

Էրտողան ըսաւ, որ «դժուար է բարեփոխումներ կատարել, երբ անելը քաղաքականութեան կերպի մը կը վերածուի»` աւելցնելով, որ հակառակ իր կուսակցութեան դէմ ուղղուած սպառնալիքներուն եւ յարձակումներուն, իրենք ժողովրդավարականացման ուղիէն չեն հրաժարած: «Պիտի շարունակենք կատարել այն, ինչ որ մեր ժողովուրդը գոհ կը ձգէ», ըսաւ Էրտողան:

«Անոնք, որոնք անցնող 11 տարիներուն ընթացքին կը պնդէին, որ Թուրքիան պիտի մասնատուի, այսօր եւս (թղթածրարի յայտարարութենէն ետք) նոյնը պիտի ընեն: Դուք ատիկա պիտի տեսնէք», ըսաւ Էրտողան` աւելցնելով, որ «այս թղթածրարը բանակցութեանց արդիւնք չէ, այլ ժողովուրդին պահանջներուն արդիւնք է: Մեր աղբիւրը միջազգային մարդկային իրաւունքներն են, Եւրոպական Միութեան ձեռքբերումները եւ իմաստուններու աշխատանքները», նշեց ան:

Թուրքիոյ խորհրդարանը այսօր իր ամառնային արձակուրդէն վերադառնալով` «Ժողովրդավարական թղթածրար»-ին շուրջ քուէարկութիւն պիտի կատարէ:

Քրտական Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան համանախագահ Ժուլթան Քիչանիք յայտնեց, որ քիւրտերուն դէմ գործուած անիրաւութիւնները լուծելու համար կառավարութեան առաջարկները քիւրտերուն հետ խաղաղութեան հոլովոյթը յառաջ մղելու համար բաւարար չեն եւ իր կուսակցութեան ակնկալութիւններէն նուազ են:

 

 

Նախորդը

Ըստ «Էյ.Պի.Սի.Նիուզ»-ի. Ռուհանի Հրամայած Է Իրան-Միացեալ Նահանգներ Ուղղակի Թռիչքներու Վերականգնման Կարելիութիւնը Ուսումնասիրել

Յաջորդը

«Ան Որ Քաղաքական Լուծում Մը Կ՛ուզէ, Պէտք Է Առանց Նախապայմանի Ժընեւ Ուղղուի» Ըսաւ Մոալլեմ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.