Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ «Էյ.Պի.Սի.Նիուզ»-ի. Ռուհանի Հրամայած Է Իրան-Միացեալ Նահանգներ Ուղղակի Թռիչքներու Վերականգնման Կարելիութիւնը Ուսումնասիրել

October 1, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հասան Ռուհանի

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի Իրանի քաղաքային թռիչքներու իշխանութիւններէն պահանջեց Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ուղղակի թռիչքներու վերականգնման կարելիութիւնը ուսումնասիրել, ինչ որ անցնող երեսուն տարուան ընթացքին իր տեսակին մէջ առաջին քայլն է:

Ամերիկեան «Էյ.Պի.Սի.Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանը նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու աւելի քան մէկ միլիոն իրանցի քաղաքացիներ Քալիֆորնիա նահանգին մէջ եւ այլուր կը բնակին` աւելցնելով, որ Թեհրանի եւ Ուաշինկթընի միջեւ ուղղակի թռիչքները 1979-ի իսլամական յեղափոխութենէն ետք դադրեցան:

Իրանի Յեղափոխական Պահակագունդի Հրամանատարը
Կը Քննադատէ Ռուհանի–Օպամա Հեռաձայնային
Հաղորդակցութիւնը

Իրանի յեղափոխական պահակագունդի հրամանատարը քննադատեց Ռուհանիի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի միջեւ վերջերս տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը:

Զօր. Մոհամետ Ալի Ժաաֆարի «Թասնիմ Նիուզ» լրատուական կայքէջին յայտնեց, որ «նախագահ Ռուհանի Նիւ Եորք կատարած իր այցելութեան ընթացքին վճռակամ եւ պատշաճ կեցուածք որդեգրեց, ինչպէս նաեւ Օպամայի հետ հանդիպիլ մերժեց: Ան պէտք էր նաեւ մերժէր հեռաձայնով անոր հետ խօսիլ եւ ամերիկեան կառավարութեան կողմէ շօշափելի քայլերու պէտք էր սպասէր»:

Զօր. Ժաաֆարիի կեցուածքը Ռուհանի-Օպամա պատմական հեռաձայնային հաղորդակցութեան հրապարակային առաջին քննադատութիւնն է:

Ռուհանի Պիտի Ընդառաջէ Ուխտագնացութիւն
Կատարելու Սէուտական Արաբիոյ
Թագաւորին Հրաւէրին

Սէուտական դիւանագիտական աղբիւր մը «Եու.Փի.Այ.» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի ընդունած է Սէուտական Արաբիա այցելելու եւ այս տարի հոկտեմբեր ամսուան զուգադիպող դէպի Մեքքա ուխտագնացութիւնը կատարելու Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին հրաւէրը:

Սէուտական դիւանագիտական աղբիւրը նշեց, որ Ռուհանի սէուտական իշխանութեան փոխանցած է, որ կ՛ընդունի  այդ հրաւէրը:

Աղբիւրը նաեւ դիտել տուաւ, որ Մեքքայի մէջ Քաապային առջեւ երկու ղեկավարներուն միջեւ կարեւոր հանդիպում մը տեղի պիտի ունենայ:

Իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը 15 սեպտեմբերին հաղորդած էր, որ Ռուհանի Ապտալլա թագաւորէն ուխտագնացութիւն կատարելու հրաւէր մը ստացած էր:

Իրանի նախագահը նախապէս Սէուտական Արաբիան նկատած էր «Իրանի քոյրն ու բարեկամը»` նշելով, որ կը բաժնէ «հասարակաց շահերու իրագործման եւ իսլամական աշխարհին մէջ հաշտութիւն գոյացնելու համար երկու երկիրներուն միջեւ գտնուող թեթեւ լարուածութիւնները վերացնելու Ապտալլա Պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին փափաքը»:

Օպամա – Նեթանիահու Հանդիպում

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երէկ Սպիտակ տան մէջ հանդիպում ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի հետ: Հանդիպումին աւարտին Օպամա յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներ «Իրանի հետ որեւէ բանակցութեան շուրջ Իսրայէլի հետ մանրամասն խորհրդակցութիւններ պիտի կատարեն»` աւելցնելով, որ իր երկիրը «Իրանի հիւլէական ծրագիրին հարցով չի բացառեր որեւէ ընտրանք, ներառեալ` զինուորականը»:

«Յստակ է, որ Իրանի խօսքերը բաւարար չեն, եւ պէտք է իր գործերով միջազգային ընտանիքին վստահութիւն ներշնչէ», ըսաւ Օպամա:

Նեթանիահու իր կարգին յայտնեց, որ Իրան Իսրայէլը քանդելու յանձնառու է եւ պէտք  է ստիպել, որ ան իր հիւլէական ծրագիրէն ամբողջովին հրաժարի: Ան կոչ ուղղեց Իրանի դէմ պատժամիջոցները չմեղմացնելու:

Նախորդը

Ցաւակցագիր

Յաջորդը

Թուրքիոյ Խորհրդարանը Այսօր Էրտողանի «Ժողովրդավարական Թղթածրար»-Ին Շուրջ Քուէարկութիւն Կը Կատարէ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.