Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զոհերու Թիւի Յաւելման Մտավախութեամբ. Պետական, Քաղաքական Եւ Ժողովրդային Շրջանակներ Զօրաշարժի Մատնուած` Մօտէն Կը Հետեւին Եղելութեանց Յստակացման

September 30, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Միշել Մուսա

Օրապահիկ ապահովելու յոյսով դէպի Աւստրալիա գաղթել փորձած լիբանանցիներու հարցը շաբաթավերջին շարունակեց առանցքը կազմել ժողովրդային թէ պետական պատասխանատու շրջանակներու խորհրդակցութեանց:

Նախագահ Սլէյման մէկէ աւելի հաղորդակցութիւններու ձեռնարկելով պատկան կողմերէն պահանջեց մօտէն հետեւիլ այս հարցի զարգացումներուն եւ չզլանալ օժանդակութեան ոչ մէկ ճիգ:

Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր, Մալեզիոյ մէջ Լիբանանի դեպսան Ալի Տահերէն պահանջեց ուղղուիլ Ինտոնեզիա եւ հետապնդել լիբանանցի նաւամոյն արկածահարներու պարագան` յայտնաբերուած զոհերուն մարմինները ուղարկելով Լիբանան, եւ շարունակել մնացեալներու փնտռտուքի ճիգերը:

Արդարադատութեան նախարարի պաշտօնակատար Շեքիպ Քըրթպաուի յայտնեց, որ պետութիւնը պիտի հետապնդէ բոլոր անոնք, որոնք կարգ մը լիբանանցիներ մղեցին ապօրինի ձեւով դէպի Աւստրալիա գաղթելու:

Այս ծիրին մէջ, ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ լիբանանեան եւ օտար` ինտոնեզիական եւ աւստրալիական միջազգային մաֆիայի ցանցեր կ՛աշխատին այս մարզին մէջ: Կ՛ակնկալուի, որ մօտերս ձերբակալուին շատ մը տարրեր այդ ցանցերէն, որոնցմէ լիբանանցի մը արդէն իսկ ձերբակալուած է:

Քանպերայի մօտ Լիբանանի դեսպանը յայտնեց, որ փնտռտուքի ճիգերը կը շարունակուին Աւստրալիոյ իշխանութեանց հետ եւ թէ զոհերու թիւին գծով պաշտօնական տեղեկութիւն չկայ ցարդ:

Հիւսիսային կարգ մը շրջաններուն ու յատկապէս Քպիիթի մէջ լիբանանցի նաւամոյն զոհերու յիշատակին զօրակցութեան հաւաքներ կազմակերպուեցան` պետութենէն պահանջելով յաւելեալ հոգածութիւն ցուցաբերել այս շրջաններու ընկերային-տնտեսական կարիքներուն նկատմամբ:

Իրենց հարազատներու ճակատագիրին մօտէն հետեւելու համար Աքքարի, յատկապէս Քպիիթի ընտանիքներէն պատուիրակութիւն մը երէկ ուղղուեցաւ Ինտոնեզիա:

Արտասահմանի, յատկապէս Աւստրալիոյ մէջ գտնուող լիբանանեան գաղութի պատասխանատուներ պատրաստակամութիւն յայտնեցին գործակցելու եւ օժանդակելու արկածահար նաւամոյն թէ անյայտ լիբանանցիներու հարցին:

Խորհրդարանի մարդկային իրաւանց մնայուն յանձնախումբի նախագահ Միշել Մուսա մաղթեց, որ այդ դէպքը «դաս» ըլլայ բոլորիս, որ հետեւինք ու հոգ տանինք այս համեստ ապրելակերպի մէջ տառապող քաղաքացիներու կացութեան` զանոնք փրկելու համար յուսալքումէն եւ մահուան յանգող գաղթի ապօրինի ճամբաներէն ու միջոցառումներէն: Մուսա միջազջային պատկան կողմերէն պահանջեց կանխարգիլել մարդոց վաճառքի մաֆիաներու գործունէութիւնը: «Ասիկա կ՛ենթադրէ հետաքննութեան միջազգային մարմինի մը կազմութիւնը», ընդգծեց Մուսա:

Իսլամական Թաուհիտ շարժումի ղեկավար շէյխ Հաշեմ Մընքարա երէկ ցաւ յայտնեց լիբանանցի նաւամոյն զոհերուն համար` ընդգծելով Աքքարի բարգաւաճման կարեւորութիւնը, որ կրնայ կասեցնել շրջանի լիբանանցիներու յուսալքումն ու օտար ափերու վրայ օրապահիկի փնտռտուքի փորձերը:

 

Նախորդը

Վերահաստատելով Դիմադրութեան Նկատմամբ Զօրակցութիւնը`. «Թուրքիոյ Դերը Բացայայտ Է Սուրիոյ Մէջ» Ընդգծեց Զօրավար Միշէլ Սուն

Յաջորդը

Շաբաթավերջի Ապահովական Ցնցումներուն Մթնոլորտին Մէջ. Նախագահ Սլէյման Եւ Պատկան Կողմեր Փութացին Ամրապնդել Պետութեան Գերիշխանութիւնը

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.