«Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը կը գրէ, որ Միացեալ Նահանգներ եւ Թուրքիա ծայրայեղականութեան դէմ պայքարի համար 200 միլիոն տոլարի պիւտճէով հիմնադրամ մը պիտի ստեղծեն:
Հիմնադրամին նպատակն է թուլացնել ժիհատականներու գաղափարական կոչերը Սոմալիի, Եմէնի եւ Փաքիստանի նման երկիրներու մէջ:
Հիմնադրամը գումարներ պիտի տրամադրէ տեղական ծրագիրներու համար, որոնց թիրախները պիտի ըլլան այն խումբերն ու անհատները, որոնք ահաբեկչական խումբերով հրապուրուելու վտանգը կը դիմագրաւեն եւ այդ առումով խոցելի են:
Նախաձեռնութեան սկզբնաւորման մասին պիտի յայտարարեն Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Ճոն Քերրի եւ Ահմեթ Տաւութօղլու Ահաբեկչութեան դէմ պայքարի միջազգային խորհրդաժողովի` արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով հանդիպումին ընթացքին:


