Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուհանի Կը Զգուշացնէ Սուրիոյ Ծայրայեղականներու Ապաստանարան Դառնալէն

September 28, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հասան Ռուհանի

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներն ու Ռուսիան համաձայնութիւն գոյացուցած են Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ¬ի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւին շուրջ:

Բանաձեւը Սուրիոյ քիմիական զէնքի ոչնչացման համաձայնութեան խախտման պարագային ուժի գործածութիւն չի նախատեսեր: Եթէ խախտումներ ըլլան, ապա ՄԱԿ¬ի Ապահովութեան խորհուրդը արտաքին զինուորական միջամտութեան համար բանաձեւ մը եւս պէտք է որդեգրէ: Բանաձեւը Սուրիոյ կառավարութենէն բացի համագործակցութեան կոչ կ՛ուղղէ նաեւ սուրիական ընդդիմութեան զինեալ խմբաւորումներուն:

Ըստ նախատեսութեան, Ապահովութեան խորհուրդը Կրինիչի ժամանակացոյցով երէկ կէս գիշերին պիտի քննարկէր բանաձեւը:

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի զգուշացուց, որ Սուրիան կրնայ ծայրայեղականներու ապաստանարանի վերածուիլ, ճիշդ ինչպէս թալեպաններու ժամանակ Աֆղանիստանն էր: Ան կոչ ուղղեց Սուրիոյ տագնապին վերջ տալու համար գործակցելու:

Ռուհանի Նիւ Եորքի հետազօտման կեդրոնին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ «կառավարութիւնս բուռն կերպով կը դատապարտէ Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքերու գործածութիւնը»` աւելցնելով, որ «մենք նաեւ մտահոգ ենք ծայրայեղական գաղափարախօսութեան տարածումէն Սուրիոյ մէջ, որ ահաբեկիչներու հաւաքավայրի վերածուած է, ինչ որ մեզի կը յիշեցնէ անցեալ դարու 90-ական թուականներուն մեր արեւելեան սահմաններուն մօտ այլ շրջան մը»:

«Ասիկա մտահոգութեան աղբիւր է ոչ միայն մեզի համար, այլ նաեւ` այլ երկիրներու համար: Ատիկա անհրաժեշտ կը դարձնէ երկրին մէջ քաղաքական մնայուն լուծումի մը հասնելու համար գործակցութիւն հաստատել եւ միացեալ ջանքեր թափել», ըսաւ Իրանի նախագահը` աւելցնելով, որ «մենք ուրախ ենք, որ այս հարցին մէջ դիւանագիտութիւնն ու ողջմտութիւնը յաղթեցին»:

Եաալոն. «Ասատ Իշխանութենէն Պէտք Է
Հեռացուի Դիւանագիտութեան
Կամ Այլ Միջոցներով»

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Մոշէ Եաալոն յայտնեց, որ «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ պէտք է իշխանութենէն հեռացուի կա՛մ դիւանագիտութեան միջոցներով, կա՛մ ալ այլ միջոցներով»:

Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ ատկէ առաջ քիմիական զէնքը պիտի վնասազերծուի, որմէ ետք ալ Ասատի իշխանութեան վերջ տալու հոլովոյթը ընթացք պիտի առնէ: Ան նշած է, որ «սուրիական հարցին մէջ բոլոր դերակատարները, ներառեալ` Փութին, Ասատը իշխանութենէն հեռացնելու մէջ շահ ունին»:

«Իսրայէլ ներկայիս հարցերը դէպի Ասատի տապալում չի մղեր, որովհետեւ ներկայիս վստահելի եւ պատասխանատու վարչակարգ մը չենք տեսներ», ըսած է Եաալոն:

Միւս կողմէ, ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ ՄԱԿ-ի հետաքննիչները ամէնէն ուշը յառաջիկայ երեքշաբթի օր պիտի սկսին քննել սուրիական քիմիական զէնքերու պահեստանոցները: ՄԱԿ իր կարգին հաղորդեց, որ իր հետաքննիչները պիտի քննեն 7 վայրեր, ուր կը կարծուի, որ քիմիական զէնքով յարձակում կատարուած է: Հետաքննիչները կը նախատեսեն իրենց այդ աշխատանքը աւարտել երկուշաբթի օր:

Սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինի նախագահ Ահմետ Ժարպա յայտնեց, որ արտասահմանէն եկած ծայրայեղականները սուրիական յեղափոխութիւնը «գողցած» են` նշելով, որ Քայիտայի առնչակից ուժերը սուրիացի ժողովուրդին կամ Սուրիական ազատ բանակին հետ որեւէ կապ չունին եւ անոնցմէ ոմանք կազմուած են սուրիական վարչակարգին կողմէ:

Նախորդը

Իրան Խոստացած Է Իր Հիւլէական Ծրագիրին Խաղաղ Բնոյթը Ապացուցել

Յաջորդը

Ուաշինկթըն Եւ Անգարա Ծայրայեղականութեան Դէմ Պայքարի Հիմնադրամ Պիտի Ստեղծեն

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.