Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (28 Սեպտեմբեր 1963)

September 28, 2013
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական.

Մոսկուա–Փեքին Պայքարին Էութիւնը

Պատմութիւնը կը հպատակի հրամայականներու, որոնք դարերով մնացած են անփոփոխ եւ հակառակ խաբուսիկ ու ժամանակաւոր երեւոյթներու` պարտադրած են իրենց ներկայութիւնը: Վերջին խօսքը պատկանած է իրենց:

Այդ հրամայականներէն մէկն է ռուսական եւ չինական կայսրութիւններու անհաշտ նկարագիրը, որ այսօր վերստին կը յայտնուի` հակառակ գաղափարական միասնականութեան քողին, որ կը ծածկէ (կը ծածկէր դեռ տարի մը առաջ) Մոսկուայի ու Փեքինի մէջ հաստատուած վարչակարգերը: Պայքարը, որ կը մղուի, գաղափարական հիմունքներ ունենալէ աւելի, ազգային ակերէ կը բխի, թէեւ հակամարտ երկու կողմերն ալ չեն ուզեր ընել այդ խոստովանութիւնը, որ պիտի ըլլայ դառն ժխտումը համայնավարութեան:

Չինաստան, որուն բնակչութեան ճշգրիտ թիւը ո՛չ ոք գիտէ, Չինաստան, ուր երկվայրկեանը երեխայ մը կը ծնի, ամէնէն առարկայական հաշիւներու համաձայն, տասը տարիէն, 1973-ին, պիտի ունենայ մէկ միլիառ բնակիչ: Մինչ նոյն թուականին, Խորհրդային Միութիւնը կրնայ հասնիլ 250 միլիոն թիւին, իսկ Միացեալ Նահանգները` 200 միլիոնի: Ուստի, հակառակ իր անսահման տարածութիւններուն, Չինաստան, որ հիմա իսկ ուռած գնդակի մը կը նմանի, տասը տարիէն կրնայ պայթիլ եւ ողողել սահմանակից երկիրները, ուր արգաւանդ հողերու եւ անբնակ տարածութիւններու հրապոյրը կը շլացնէ Փեքինի ղեկավարներուն աչքը:

Չինաստանի համար տարածման ճամբան, ինչպէս հին դարերուն, այսօր եւս ունի սիպերիական  անծայրածիր տափաստաններու ուղղութիւնը: Վերջերս պատահած սահմանային միջադէպերը, «Նաուշքիի դէպքը» եւ Սինքիանկի խռովութիւնները գալիք ահաւոր արշաւանքի մը ազդարար նշանները կը հանդիսանան արեւմտեան դիտողներու աչքին:

Ճենկիզ Խան միթէ նոյն ճամբան չէ՞ր գործածած իր հորդաները թափելու համար մինչեւ Փոքր Ասիա` անցնելով Վոլկայի ափերէն եւ դարեր շարունակ մոնկոլական տիրապետութեան տակ պահելով ռուսական իշխանապետութիւնները:

Այսօր, խորհրդային ղեկավարները, երբ վերջ տուած են իրենց պոռոտախօսութեան, երբ Քրեմլինի ներկայացուցիչները խաղաղութենէ եւ խաղաղ գոյակցութենէ կը ճառեն միջազգային ատեաններու մէջ, ի մտի ունին հեռաւոր վտանգը դեղին ցեղին, որ այնքան ծանր կը ճնշէ իրենց արեւելեան սահմաններուն վրայ:

Քրեմլին Փեքինի մէջ կը տեսնէ յայտնութիւնը նոր Հիթլերի մը, կ՛եզրակացնէ ֆրանսացի լրագրող Տապերնա, որուն յօդուածաշարքը հրատարակեցինք մեր յաջորդական երեք թիւերով: Ու ինչպէս 1936-ին, Հիթլերի առաջին հարուածներուն տակ կ՛իյնար Աւստրիան, այնպէս ալ, Քրեմլին կը վախնայ, որ չինական ճնշումը հետզհետէ անդիմադրելի դառնայ արտաքին Մոնկոլիոյ վրայ, ուր հաստատուած է խորհրդայնասէր կառավարութիւն մը: Արտաքին Մոնկոլիոյ մայրաքաղաքը` Ուլան-Պաթոր շլացուցիչ նշանակէտ մը կը հանդիսանայ Փեքինի համար, որ արտաքին Մոնկոլիայէն անմիջապէս դէպի հիւսիս-արեւելք, հողեր կը պահանջէ Խորհրդային Միութենէն, Ամուր գետի եզերքին:

Յառաջիկայ ամիսներու ընթացքին, Քրեմլին, եթէ ոչ ուղղակի, բայց անուղղակի ճամբաներով, պիտի աշխատի թումբ հանդիսանալ Փեքինի ախորժակներուն առջեւ` իր աշխատանքները տանելով երկու ուղղութեամբ.

Մէկ կողմէ, փորձելով իր շուրջ համախմբել բոլոր երկիրներու համայնավար կուսակցութիւնները,

Միւս կողմէ` աւելի եւս յառաջ տանելով Ուաշինկթընի հետ իր մերձեցման քաղաքականութիւնը:

Մոսկուայի մէջ կնքուած հիւլէական դաշնագիրը եթէ դաւաճանութիւն կ՛որակուի, չիներուն կողմէ, պատճառն այն է, որ կու տայ հաստատումը խորհրդային նոր քաղաքականութեան, որ ռուսական նուաճումներու անվթար պահպանումը կ՛ուզէ կապել արեւմտեան աշխարհի հետ լեզու գտնելու հնարաւորութեան:

Այս բոլորէն ետք խզումը անխուսափելի՞ է համայնավար երկու աշխարհներուն միջեւ: Յառաջիկայ շաբաթները, եթէ ոչ օրերը, պիտի տան այս հարցումին պատասխանը:

Մինչ այդ մէկուն եւրոպական, միւսին ասիական կոչումը աւելի եւս պիտի շեշտուի:

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Աշակերտական Կեանք Աշխարհի Շուրջ

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.