Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Մարդասիրական Պատասխաններ Քաղաքական Շահարկումներու Դիմաց

September 27, 2013
| Անդրադարձ, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաքուն հետեւողականութիւն ցոյց կու տայ Արցախի մէջ կատարուող բնակեցման աշխատանքներուն վրայ միջազգային ընտանիքին ուշադրութիւնը կեդրոնացնելու իր առաջադրանքի իրականացման փորձերուն մէջ: Երեւոյթը արձանագրուած էր իրաքահայերու Արցախի մէջ հաստատման օրինակներուն դիմաց, այժմ ալ կը շարունակուի սուրիահայ ընտանիքներուն բնակեցման առիթով: Օրին տակաւին Դամասկոսի մէջ կը գործէր ազրպէյճանական դեսպանատունը, երբ Դամասկոսը կը մեղադրուէր իբրեւ տարանցիկ կէտ Իրաքէն Երեւան եւ ապա Արցախ ուղեւորուող եւ հաստատուող իրաքահայ ընտանիքներուն համապատասխան դիւրութիւններ ընձեռելու պատճառով:

Հիմա բողոքառու գրասենեակը ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի Պաքուի գրասենեակի ներկայացուցչութիւնն է: ՄԱԿ-ի գրասենեակի պատասխանատուին բացատրութիւնը յայտնապէս չէ գոհացուցած Պաքուն: «Մենք տեղեկութիւն ստացած ենք Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին հայ գաղթականներու բնակեցման վերաբերեալ եւ համապատասխան հաշուետուութիւնները արդէն ուղարկուած են ՄԱԿ-ի ժընեւի կեդրոն ու Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւն: Սակայն անձամբ կը խորհիմ, որ այս հարցը պէտք է լուծուի առանց ՄԱԿ-ի միջամտութեան, որովհետեւ ՄԱԿ-ը որեւէ առնչութիւն չունի այս հարցին հետ»:

Ուրեմն. նախ պէտք է անմիջապէս նկատել, որ այս կարծիքը եթէ կը հրապարակուի, ամենայն հաւանականութեամբ պաշտօնապէս կ՛ուղարկուի նաեւ ՄԱԿ-ի կեդրոն: Իսկ այս կարծիքին հետ հաշուի կը նստի կեդրոնը` տրուած ըլլալով, որ կարծիքը ներկայացնողը այս հարցերու գերագոյն յանձնակատարն է, որ լիազօրուած է այս աշխատանքները համակարգելու: Ըսուածը պարզապէս այն է, որ ՄԱԿ-ի միջամտութեան որեւէ իրաւական հիմք գոյութիւն չունի. աւելի յստակ ընդգծուած, որ Արցախի մէջ կատարուող բնակեցման աշխատանքները միջազգային օրէնքի խախտում չեն նկատուիր:

Հետաքրքրական է, որ սուրիահայ բառը չ՛օգտագործուիր իբրեւ գաղթականներ բնութագրող  բառակապակցութիւն: Կ՛ըսուի ընդհանրապէս «հայ գաղթականներ»: Պարզ է, որ սուրիահայը շեշտուած է Պաքուի կողմէ եւ կը մեկնաբանուի իբրեւ փորձ հրատապ թեմայի կապելով խնդիրը միջազգային յաւելեալ ուշադրութիւն կեդրոնացնելու  մարտավարական խաղ կատարելով: Պատասխանին մէջ կ՛ընդհանրացուի գաղթականութիւնը եւ այսպիսով նաեւ միանգամընդմիշտ կը յստակացուի, որ հայ ազգաբնակչութեամբ Արցախը բնակեցնելը իրաւական որեւէ արգելքի չի հանդիպիր միջազգային ընտանիքին կողմէ:

Այսքան ՄԱԿ-ի Պաքուի գրասենեակին կողմէ: Հիմա գանք Երեւան-Արցախ եւ այնտեղ տեսնենք քանատացի խորհրդարանական Սթեֆան Տիոնի յայտարարութիւնը դարձեալ Պաքուի ցուցաբերած անհանգստութեան մասին: Խնդիրը կը վերաբերի Պաքուի սեւ ցուցակին, այսինքն բողոքին օտարերկրեայ այն պաշտօնատարներուն եւ պետական ու հասարակական գործիչներուն դէմ, որոնք կ՛այցելեն Արցախ: Տիոնի բացատրականը հետաքրքրական է եւ կ՛առնչուի ՄԱԿ-ի Պաքուի գրասենեակի պատասխանատուին կատարած յայտարարութեան. ձեւով մը: Տիոն կը յայտնէ, թէ ինք սեւ ցուցակի գոյութենէն տեղեակ չէր, թէ իր նպատակը որեւէ ձեւով Քանատայի եւ Ազրպէյճանի միջեւ լարուածութիւն ստեղծելը չէ, եւ կ՛աւելցնէ, թէ ինք եկած է զբաղելու համար սուրիահայ գաղթականներու թղթածրարով: Այցելութեան նպատակի այս բանաձեւումը խորքին մէջ ՄԱԿ-ի պաշտօնատարին կատարած յայտարարութեան համահունչ է: Արցախի մէջ սուրիահայերու բնակեցումը բնական գործընթաց է եւ որեւէ ձեւով բողոքի տեղի տալու իրաւական հիմք չի պարունակէր իր մէջ: Այսքան պարզ:

Պաքուն խորապէս գիտակից է, որ օրին իրաքահայերու, այսօր սուրիահայերու կողմէ արձանագրուող բնակեցումները ժողովրդագրական պատկերի փոփոխութեան մէջ բեկումնային ազդեցութիւն ունենալու հնարաւորութենէն հեռու են: Քաղաքական շահարկումի հերթական փորձն է, որ կը կատարեն Ազրպէյճանի իշխանութիւնները, որոնք սակայն կը հանդիպին իրաւական հիմքի վրայ կառուցուած մարդասիրական պատասխաններու:

«Ա.»

Նախորդը

Նոր Ընդհանուր Դատախազի Նշանակման Հարցով. Նախագահ Սարգսեան Առաջադրեց Գէորգ Կոստանեանի Թեկնածութիւնը

Յաջորդը

«Իրաքի Եւ Շամի Իսլամական Պետութիւն» Խմբաւորումի Զինեալներ Րաքքայի Մէջ Հայկական Եկեղեցի Մը Աւերած Են

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.