24 սեպտեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց Քանատայի խորհրդարանի անդամ Սթեֆան Տիոնը եւ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանը:
Հանդիպման ընթացքին նախարար Յակոբեան հիւրերուն ծանօթացուց սփիւռքի նախարարութեան կատարած աշխատանքները, ինչպէս նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ կազմակերպուող նախաձեռնութիւններուն:
Քանատայի խորհրդարանի անդամ Սթեֆան Տիոն բարձր գնահատեց Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի ազգանպաստ գործունէութիւնը եւ սփիւռքեան կառոյցներուն հետ աշխուժ համագործակցութիւնը:


