
Սաատիաթի եւ շրջակայքին մէջ տեղակայուած եօթներորդ ջոկատի դիրքերուն տուած իր այցելութեամբ, լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի զինուորներուն թելադրեց փութալ միջամտելու որեւէ միջադէպի լուծման համար:
Ան շեշտեց, որ պէտք է անզիջող ըլլալ յատկապէս ապահովական խախտումի փորձերուն նկատմամբ որ կողմէն որ ալ ըլլան անոնք:


