Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Եւրոպական Միութեան Հետ Ընկերակցութեան Համաձայնագիրը Ի Շահ Ուքրանիոյ Ժողովուրդին Պիտի Ըլլայ» Յայտարարեց Եանուքովիչ

September 26, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուքրանիոյ նախագահ Վիքթոր Եանուքովիչ` ելոյթ ունենալով ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 68-րդ նիստին ընթացքին, յայտնած է, որ Եւրոպական Միութեան հետ Ընկերակցութեան համաձայնագիրի ստորագրումը պիտի նպաստէ Ուքրանիոյ քաղաքացիներու բարեկեցութեան աճին:

«Վզկլիատ» կը հաղորդէ, որ ան իր ելոյթով միջազգային հանրութեան հաստատած է, որ Եւրոպայի հետ համարկումը իր երկրին զարգացման համար որոշիչ գործօն է:

Քիեւ յոյս ունի Եւրոպական Միութեան հետ Ընկերակցութեան համաձայնագիրը ստորագրել այս տարուան նոյեմբերին` Վիլնիուսի մէջ տեղի ունենալիք «Արեւելեան գործընկերութեան» վեհաժողովին:

Մոսկուա յայտարարած է, որ այդ պարագային ան պաշտպանական քայլերու պիտի ձեռնարկէ: Ռուսիոյ մէջ գոյութիւն ունի այն մտավախութիւնը, որ այդ համաձայնագիրի ստորագրումէն ետք եւրոպական ապրանքները Մաքսային միութեան անդամ երկիրներ մուտք պիտի գործեն աւելի աժան գիներով:

Ուքրանիոյ Վարչապետ. «Ուքրանիան
Կրնայ Միանալ Մաքսային Միութեան
70
Համաձայնագիրներու»

«Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ-ի, հաղորդեց, որ Ուքրանիոյ վարչապետ Նիքոլայ Ազարով երէկ Պիելոռուսիոյ վարչապետ Միխայիլ Միասնիքովիչի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնած է, որ Ուքրանիան կրնայ միանալ Մաքսային միութեան մէջ գործող 70 համաձայնագիրներու: «Մենք կը պատրաստուինք աշխուժ մասնակցութիւն ունենալու Մաքսային միութեան աշխատանքին, մասնաւորաբար, մենք պատրաստ ենք քննարկելու եւ միանալու շուրջ 70 համաձայնագիրներու, որոնք կը գործեն այդ միաւորման մէջ», ըսած է ան:

Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ 24 սեպտեմբերին յայտնած էր, որ Եւրոպական Միութեան համարկուելէ ետք Ուքրանիա Մաքսային միութիւն մտնելու ոչ մէկ կարելիութիւն պիտի ունենայ: «Ուքրանիոյ համար սահմանուած յատուկ գործընկերային համակարգը պիտի աւարտի: Եւրոպական Միութիւն մուտք գործելէ ետք, Ուքրանիա կրնայ Մաքսային միութեան հետ համագործակցիլ միայն սահմանափակ կերպով», նշած է ան:

Չինաստան Պիտի Վարձակալէ
Ուքրանիոյ 5 Առ Հարիւրը

Բրիտանական «Տը Թելեկրաֆ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Ուքրանիոյ իշխանութիւնները համաձայնած են իրենց հողին 5 առ հարիւրը վարձակալական հիմունքներով տրամադրել Չինաստանին` հողագործութեամբ ու անասնապահութեամբ զբաղելու նպատակով:

Ուքրանական հողերը վարձքով պիտի տրուին 50 տարուան համար, այդ ժամանակաշրջանին Չինաստան պիտի վերահսկէ երեք միլիոն հեկտար տարածք, որ իր չափերով հաւասար է Պելճիքային կամ ամերիկեան Մասաչուսեց նահանգին:

Տնեփրոփեթրովսքի արեւելեան հատուածին մէջ գտնուող տարածքը կը կազմէ Ուքրանիոյ գիւղատնտեսական նշանակութեան հողերուն 9 առ հարիւրը: Վարձակալուած հողերուն վրայ չինացիները պիտի զբաղին խոզաբուծութեամբ եւ հացահատիկ ցանելով: Ամբողջ մթերքը պիտի ուղարկուի Չինաստան` աճող բնակչութեան պահանջը բաւարարելու համար:

Նախորդը

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովին Ընթացքին Խօսք Առնելով`. «Մեր Հիւլէական Ծրագիրը Խաղաղ Նպատակներու Համար Է» Ըսաւ Ռուհանի

Յաջորդը

ՄԱԿ-ի Հետաքննիչները Դամասկոս Հասան

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.