Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովին Ընթացքին Խօսք Առնելով`. «Մեր Հիւլէական Ծրագիրը Խաղաղ Նպատակներու Համար Է» Ըսաւ Ռուհանի

September 26, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ռուհանի` ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին ընթացքին

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 68-րդ նստաշրջանին բացման ընթացքին խօսք առնելով յայտնեց, որ իր երկիրը աշխարհի մէջ ապահովութեան որեւէ սպառնալիք չի ներկայացներ, այլ աշխարհի մէջ ապահովութիւնը կը ներկայացնէ եւ միայն միջազգային արդարութեան ու խաղաղութեան կը ձգտի: «Իրանի մէջ գոյութիւն ունի չափաւորականութեան բնորդ մը, որ վերջին ընտրութիւններուն եւ իշխանութեան հանդարտ կերպով փոխանցման ճամբով ի յայտ եկաւ»:

Ան ըսաւ, որ Իրանի դէմ հաստատուած պատժամիջոցները մարդկային հիմնարար սկզբունքներուն կը հակասեն` նշելով, որ «մենք պատրաստ ենք առանց արտաքին ճնշումի մեր հիւլէական ծրագիրին խաղաղ բնոյթը փաստելու եւ աշխատանք պիտի տանինք այդ ծրագիրին նկատմամբ որեւէ մտավախութիւն փարատելու»:

«Մենք Ամերիկայի հետ մեր տարակարծութեան լուծման ծիրի մը կրնանք հասնիլ, եթէ ան ճնշում բանեցնելէ դադրի», ըսաւ Իրանի նախագահը: Ան պատրաստակամութիւն յայտնեց փոխադարձ վստահութեան գոյացման համար գործակցելու:

«Զանգուածային քանդումի զէնքերը, ներառեալ` հիւլէականը, մեր բառարանին մէջ գոյութիւն չունին», նշեց Ռուհանի:

Ան ըսաւ, որ «կ՛ուզենք աշխատանք տանիլ Սուրիոյ եւ Պահրէյնի մէջ խաղաղութեան հաստատման համար, իսկ բռնարարքները տագնապները չեն լուծեր»:

Ռուհանի Կը Դատապարտէ «Հրեաներուն Դէմ
Նացիներու Ոճիրները»

Իրանի նախագահը «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին դատապարտեց «հրեաներուն դէմ նացիներուն գործած ոճիրները»` նշելով, որ մարդկութեան դէմ որեւէ ոճիր, ներառեալ` նացիներուն կողմէ հրեաներուն դէմ գործուած ոճիրները, դատապարտելի են:

«Մարդ սպաննելը անարգ եւ դատապարտելի արարք է, եւ տարբերութիւն չունի, եթէ ան քրիստոնեայ, հրեայ կամ իսլամ է», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ«մեզի համար միեւնոյնն է»:

Ռուհանի ըսաւ, որ «այս հարցը չի նշանակեր, որ հաւաքականութեան մը դէմ նացիներուն գործած ոճիրներուն համար այդ հաւաքականութիւնը այլ հաւաքականութեան մը հողերը բռնագրաւէ»` աւելցնելով, որ «ատիկա եւս դատապարտելի արարք է»:

Իսրայէլեան կառավարութեան շարք մը անդամներ Ռուհանիի կողմէ նացիներուն գործած ոճիրներուն դատապարտումը անբաւարար նկատեցին եւ պահանջեցին, որ ան նաեւ իր երկրին` ողջակիզումը հերքող պաշտօնատարներուն յայտարարութիւնները դատապարտէ:

Նախորդը

Մինսքի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ Եւրասիական Բարձրագոյն Տնտեսական Խորհուրդի Վեհաժողով

Յաջորդը

«Եւրոպական Միութեան Հետ Ընկերակցութեան Համաձայնագիրը Ի Շահ Ուքրանիոյ Ժողովուրդին Պիտի Ըլլայ» Յայտարարեց Եանուքովիչ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.