Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քեն Խաչիկեան Կը Քննադատէ Հայաստանի Իշխանութիւնները

September 25, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Քեն Խաչիկեան

Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող հայկական ազդեցիկ լոպիինկի խումբի` Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Քեն Խաչիկեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին կարծիք յայտնեց, որ Հայաստանի իշխանութիւնները Մաքսային միութեան միանալու մասին որոշում տալու ընթացքին թափանցիկ ձեւով չեն գործած` անարդարօրէն վարուելով Հայաստանի ժողովուրդին նկատմամբ:

«Ես կոչ կ՛ուղղէի, որ Հայաստանի իշխանութիւնները թափանցիկ ձեւով գործէին որոշումները տալու ընթացքին: Անկախ այն բանէն, թէ որեւէ մէկը համաձա՞յն է, թէ՞ ոչ Հայաստանի որոշման հետ, ու ես նաեւ կը նշեմ, որ կը հասկնամ, թէ ինչու Հայաստան այդ քայլին դիմած է, բայց պէտք է քննադատել իշխանութիւնները որոշումը տալու եղանակին առնչութեամբ: Չորս տարի բանակցելէ ետք յանկարծ ուղղութիւնը փոխել ազնիւ չէր ե՛ւ Եւրոպական Միութեան, ե՛ւ հայ ժողովուրդին նկատմամբ», ըսաւ Խաչիկեան:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Քեն Խաչիկեան աւելցուց, որ ժամանակը ցոյց կու տայ, թէ ի՛նչ կը ներկայացնէ Մաքսային միութիւնը` շեշտելով, որ ամէն պարագայի Հայաստանի համար կարեւոր է զօրաւոր տնտեսական եւ քաղաքական կապեր ունենալ թէ՛ Արեւելքի, թէ՛ Արեւմուտքի հետ:

Քեն Խաչիկեան չբացառեց նաեւ, որ Հայաստանի վրայ Ռուսիոյ կողմէ ճնշում բանեցուած է` կրկին նշելով, որ նոյնիսկ այդ պարագային անհրաժեշտ էր թափանցիկ գործել:

Պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի այն հարցումին, թէ Հայաստանի մէջ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը եւ այլ հայկական լոպիինկի խումբերը կը քննադատուին այն բանի համար, որ անոնք կը կեդրոնանան միայն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին վրայ, բաւարար ուշադրութիւն չդարձնելով Հայաստանի Հանրապետութեան` Խաչիկեան ընդգծեց, որ իրականութեան մէջ իրենց օրակարգին վրայ կարեւոր տեղ կը գրաւէ Հայաստանի տնտեսական բարեկեցութիւնը, Հայաստանը բարգաւաճ եւ լաւ տնտեսութեամբ պետութիւն չէ: Ըստ Խաչիկեանի, եթէ չըլլան կայուն եկամուտներ, մարդոց համար աշխատանք, մարդիկ այստեղ պիտի չմնան եւ երկիր պիտի չըլլայ: «Լոպիինկի միջոցով կարելի է հետապնդել տարբեր նպատակներ, բայց ջանքերը ի զուր կ՛ըլլան, եթէ չունենաք Հայաստան Հայաստանի ժողովուրդին համար», ընդգծեց Խաչիկեան:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետը նաեւ շեշտեց, որ հարստութեան կեդրոնացումը, փտածութիւնը, անգործութիւնը պատճառ կը դառնան արտագաղթի երեւոյթին: Խաչիկեան ընդգծեց, որ կարեւոր է, որ այդ հարցերը լուծուին, կառավարութիւնը փոխէ իր մօտեցումները, դադրի ճառեր ըսելէ այս հարցերուն շուրջ, այլ լուծէ զանոնք:

Խաչիկեան Հայաստանը բարեփոխելու ճամբուն վրայ կարեւոր նկատեց նաեւ ընդդիմութեան դերը: Ան ընդդիմադիր կուսակցութիւններէն, որոնց շարքին նաեւ ՀՅԴ-էն կ՛ակնկալէ յարձակողական քաղաքականութիւն:

«Ես կը խրախուսեմ Հայաստանի ընդդիմութիւնը յարձակողական քաղաքականութեամբ դրդել կառավարութիւնը, որպէսզի փոփոխութիւններ կատարէ: Ես չեմ հաւատար, որ կառավարութիւնը ճիշդ քաղաքականութիւն կը վարէ, կը կարծեմ, որ արդիւնքները ամէն ինչի մասին կը խօսին: Չեմ կարծեր, որ որեւէ մէկը կրնայ փաստարկել, որ անոնց քաղաքականութիւնը ճիշդ է, ակնյայտ է, որ անոնք յաջողութեան չեն հասած: Կը կարծենք, որ շատ կարեւոր է, որ Հայաստանի իշխանութիւնները փոխեն իրենց ուղեգիծը եւ ընդդիմութիւնը իր ձայնը բարձրացնէ», աւելցուց Խաչիկեան:

Նախորդը

Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսներ Ողջունեցին Զիրար Ս. Էջմիածնի Մայր Տաճարին Մէջ

Յաջորդը

Ուրուկուէյի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան Պիտի Կառուցուի

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.