Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան Կը Քննադատէ Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրի Կազմակերպութեան Անդամ Որոշ Երկիրներու Կեցուածքը Ղարաբաղեան Տագնապին Գծով

September 24, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աշխատանքային այցելութեամբ Սոչի գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նստաշրջանի նեղ կազմով հանդիպման ժամանակ արտասանած իր խօսքին մէջ քննադատեց Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան անդամ որոշ երկիրներու` ղարաբաղեան տագնապի վերաբերեալ կատարած  յայտարարութիւններուն համար:

«Մեր փաստաթուղթերուն մէջ, որոնց շարքին` նախորդ տարուան դեկտեմբերին ընդունուած Մոսկուայի յայտարարութեան մէջ, ընդգծուած էր ղարաբաղեան տագնապը բացառապէս խաղաղ ճամբով լուծելու կարեւորութիւնը` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու միջնորդութեամբ, ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան, միջազգային իրաւունքի չափանիշներու եւ սկզբունքներու հիման վրայ, որոնք մասնաւորաբար կը վերաբերին ուժ կամ ուժ սպառնալիք չօգտագործելու, ժողովուրդներու իրաւահաւասարութեան եւ ինքնորոշման, եւ տարածքային ամբողջականութեան: Նոյնանման դրոյթ ամրագրուած է նաեւ միացեալ հրամաններուն մէջ: Սակայն, հարկադրաբար մեր իսկ կողմէ ընդունուած որոշումներուն, որոշ անդամ պետութիւններ այլ բեմերու վրայ եւ ուրիշ կազմակերպութիւններու մէջ նոյն հարցին առնչութեամբ կը կատարեն յայտարարութիւններ, որոնք աններդաշնակ են Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի շրջագիծին մէջ ընդունուած որոշումներուն: Վերջին տարիներուն փաստաթուղթեր ընդունուած են, որոնց շարքին` նախագահական մակարդակով, որոնց մէջ ազրպէյճանական կողմին մատուցումով ընտրողաբար, ի վնաս միւս սկզբունքներուն, կ՛առանձնանայ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը»,ըսաւ Հայաստանի նախագահը:

Նախագահ Սարգսեան ընդգծեց, որ բնականաբար  բազմաթիւ երկիրներ Ազրպէյճանէն շահեր ունին, սակայն հայկական կողմը բնաւ չի կրնար համաձայնիլ, որ այդ յարաբերութիւններուն իբրեւ արդիւնք ստորագրուին այնպիսի փաստաթուղթեր, որոնք ուղղուած են Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու շահերուն եւ ընդհանուր առմամբ կազմակերպութեան հեղինակութեան դէմ: Ըստ նախագահին, այս նիւթը յատկապէս արդիական է Ազրպէյճանի նախագահի հայատեաց հռետորաբանութեան, Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղ բնակչութեան դէմ ուժի օգտագործման մշտապէս կատարուող սպառնալիքներու խորապատկերին վրայ:

Անդրադառնալով Սուրիոյ տագնապին` նախագահ Սարգսեան ընդգծեց, որ Հայաստան, ըլլալով աշխարհագրականօրէն Սուրիոյ ամէնէն մօտ տեղակայուած Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան անդամ պետութիւնը եւ Սուրիոյ մէջ ունենալով բազմահազարանոց համայնք, աւելի սուր կը զգայ բոլոր վտանգները եւ սպառնալիքները Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան պատասխանատուութեան կովկասեան շրջանի ապահովութեան համար: Ան նշեց, որ Սուրիոյ տագնապի առաջին օրերէն իսկ Հայաստան կոչ կ՛ուղղէր շուտափոյթ խաղաղ լուծման` համազգային երկխօսութեան հիման վրայ:

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Սոչիի Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան անդամ երկիրներու ղեկավարներու հանդիպման ընթացքին խնդրեց կազմակերպութեան անդամներու աջակցութիւնը` Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան դէտ անդամի կարգավիճակ ստանալու համար:

Սարգսեան հաստատեց, որ Հայաստան հետաքրքրուած է այդ կազմակերպութեան գործունէութեամբ, որ ըստ նախագահին, կարեւոր ներդրում ունի շրջանին մէջ անվտանգութիւն ապահովելու գործին մէջ:

Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ են Ռուսիան, Խըրխըզիստանը, Ղազախստանը, Տաճիկիստանը, Չինաստանը եւ Ուզպեքիստանը:

Մասնակցութիւն` Մնացեալ Նիստին

Երէկ Սոչիի մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան եւ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արթուր Բաղդասարեան մասնակցեցան Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի, պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդի եւ անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարներու կոմիտէի միացեալ նիստին:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը փոխանցեց, որ նիստի մասնակիցները անդրադարձան Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի 2012 թուականի դեկտեմբերեան նստաշրջանի որոշումներու կատարման ընթացքին, հաւանութիւն տուին օրուան երկրորդ կիսուն տեղի ունենալիք Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նստաշրջանի օրակարգին մէջ ներառուած փաստաթուղթերու նախագիծերուն, մասնաւորաբար` Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նստաշրջանի հաղորդագրութեան, մինչեւ 2020 թուականը զինուորական համագործակցութեան զարգացման հիմնական ուղղութիւններու իրագործման նախաձեռնութիւններու ծրագիրին, ինչպէս նաեւ սուրիական տագնապի եւ անոր շուրջ իրավիճակի վերաբերեալ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի յայտարարութեան նախագիծերուն:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ներկայացուց Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան մէջ Ռուսիոյ նախագահութեան առաջնահերթութիւնները, իսկ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիուժա զեկուցեց կազմակերպութեան ընթացիկ գործունէութեան, համագործակցութեան շրջագիծին մէջ արձանագրուած արդիւնքներուն մասին:

Նիստին մասնակիցները համաձայնեցան կազմակերպութեան կանոնադրական մարմիններու յաջորդ նիստերու վայրին ու ժամկէտներուն շուրջ:

 

 

Նախորդը

Արցախի Մէջ. Քանատայի Խորհրդարանական Սթեֆան Տիոն Հանդիպումներ Ունեցաւ Նախագահ Սահակեանի Եւ Ազգային Ժողովի Նախագահին Հետ

Յաջորդը

Խմբագրական. Հայ Դպրոցէն Ինքնակամ Հեռացումը Արտագաղթի Տարբերակ Է (Հայկական Վարժարաններուն Վերամուտին Առիթով)

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.